­altՆա­խա­պէս հա­ղոր­դած էինք, որ վեր­ջին քա­նի մը օ­րե­րու ըն­թաց­քին բազ­մա­ցած են զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու կող­մէ հրթի­ռա­կո­ծում­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս ­Հա­լէպ քա­ղա­քի զա­նա­զան շրջան­նե­րու, ո­րոնց կար­գին նաեւ քրիս­տո­նէաբ­նակ եւ հա­յաբ­նակ շրջան­նե­րուն դէմ:

 

«­Բե­րիոյ ­Նիւզ» կը հա­ղոր­դէ, որ մէկ կող­մէ սու­րիա­կան կա­ռա­վա­րա­կան զօր­քը, ռու­սա­կան օ­դու­ժի ա­ջակ­ցու­թեամբ, յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կ­՛ար­ձա­նագ­րէ ­Հա­լէ­պի շրջա­կայ­քը, իսկ միւս կող­մէ՝ ­Հա­լէ­պի եր­բեմ­նի հա­յա­շատ թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ մեր­թընդ­մերթ ռում­բեր կը պայ­թին։ Ա­հա­բե­կիչ­նե­րը այն­քան մօտ են, որ ա­նոնց ինք­նա­շէն «հրթիռ­նե­րը»` հիմ­նա­կա­նօ­րէն կա­զի տա­կառ­նե­րէ պատ­րաս­տո­ւած, շատ դիւ­րու­թեամբ կը հաս­նին բնա­կե­լի թա­ղա­մա­սեր ու զգա­լի մարդ­կա­յին ու նիւ­թա­կան վնաս­ներ կը պատ­ճա­ռեն:

Ն­ման հրթի­ռա­կոծ­ման վեր­ջին դէպք մը, ­Փետրուար 15ի գի­շե­րը, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­լէ­պի ­Նոր ­Գիւղ շրջա­նի ­Սու­րիա­հայ Օգ­նու­թեան ­Խա­չի (Ս.Օ.Խ.) ­Հա­լէ­պի Ըն­կե­րաբժշ­կա­կան ­Կեդ­րո­նին դէմ, ­Սուրբ Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ, ­Հայ ­Ծե­րա­նո­ցի ու ճե­մա­րա­նի մօ­տա­կայ­քը: Հր­թիռ­ներ ար­ձա­կո­ւե­ցան նաեւ ­Սիւ­լէյ­մա­նիէի, ­Գաթթ­րիի շրջա­նի, ­Թե­լե­ֆոն ­Հաո­ւա­յի, ալՃապ­րի­յէի, ­Մէյ­սե­լու­նի, Ա­զի­զիէի եւ այլ տե­ղե­րու վրայ:

Ար­դա­րեւ, ­Հա­լէ­պի մէջ պայ­թիւն­նե­րը, ա­ւե­րա­ծու­թիւն­նե­րը, ռում­բերն ու հրթիռ­նե­րը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կո­ւին:

­Տա­կա­ւին չենք խօ­սիր խա­փա­նո­ւած ջրա­մա­տա­կա­րա­րու­մին ու ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան մա­տա­րա­կա­րու­մին մա­սին: Բ­նա­կա­նա­բար զգա­լի վնաս­ներ կրեց ան­գամ մը եւս հայ հա­մայն­քին պատ­կա­նող ու­նե­ցո­ւած­քը` ե­կե­ղե­ցի­ներ, դպրոց­ներ, մշա­կու­թա­յին վայ­րեր, բնա­կա­րան­ներ, աշ­խա­տա­վայ­րեր, խա­նութ­ներ: ­Պէտք է ը­սել, որ Ս.Օ.Խ.ի ­Հա­լէ­պի Ըն­կե­րաբժշ­կա­կան ­Կեդ­րո­նը, բա­ցի մուտ­քի բարձ­րա­ցած պա­տէն, ըն­հան­րա­պէս ամ­բող­ջու­թեամբ քան­դո­ւած է: