Ուրբաթ՝ 12 Փետրուարի երեկոյեան, Կիպրոսի Հայոց Առաջնորդարանի «Իւթիւճեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցած է լրագրող-վերլուծաբան՝ Նիկոսիոյ Ledra Collegeի հիմնադիր տոքթ. Եաննոս Խարալամպիտիսի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մասին հեղինակած «The Rage of War» գիրքին ներկայացումը։
Յոյն-կիպրացի երեսփոխաններէ եւ քաղաքաքէտներէ, ինչպէս նաեւ՝ կիպրահայ համայնքի ղեկավարութեան եւ անդամներէ բաղկացած հոծ բազմութիւն մը ողողած էր սրահը, ունկնդրելու Նիկոսիոյ Համալսարանի Իրաւաբանութեան Բաժանմունքի ղեկավար Ախիլլէաս Էմիլիանիտիսի կողմէ կատարուած՝ գիրքին ներկայացումը։ Ներկաներուն իրենց ուղերձը փոխանցեցին Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Սիմոն Այնէճեան, ինչպէս նաեւ՝ կիպրացի եւրոերեսփոխան եւ հայ ժողովուրդի եւ Հայ Դատի բարեկամ Տոքթ. Էլէնի Թէօխարուս, որոնք առանց բացառութեան՝ Խարալամպիտիսի գովքը հիւսեցին, իբրեւ հայ ժողովուրդի եւ մասնաւորապէս՝ Արցախի դատին անվերապահ պաշտպանի։ Ձեռնարկի աւարտին, ելոյթ ունեցաւ Եաննոս Խարալամպիտիս, որ լայն բացատրութիւններ տուաւ «The Rage of War» գիրքը հրատարակելու իր որոշումին մասին՝ բացատրելով նաեւ Արցախեան հիմնահարցի իրաւացի եւ արդար ըլլալու նկատմամբ իր համոզումին պատճառները, պնդելով որ ան հիմնուած է Արցախի ժողովուրդի ինքնավարութեան իրաւունքին վրայ եւ յստակացնելով թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումի բացակայութիւնը որեւէ ձեւով չի կրնար բաղդատուիլ հիւսիսային Կիպրոսի այսպէս-կոչուած պետութեան միջազգային ճանաչումի բացակայութեան հետ։