«100 LIVES» նախաձեռնութեան հիմնադրած «Աւրորա» (Aurora) մրցանակի արձանիկի գծագրական պատկերը պիտի ստեղծեն «Թումօ» Ստեղծարար Արհեստագիտութեան Կեդրոնի սաները: Այս մասին կը յայտնէ «Թումօ»ի ֆէյսպուքեան էջը:
Մէկ ամսուան ընթացքին «Թումօ» Կեդրոնին մէջ չորս դասընթացավարներ պիտի աշխատին չորս խումբերու հետ: Խումբերէն իւրաքանչիւրը պիտի մշակէ իր մտապատկերը, իսկ պիտի արտադրուի յաղթող խումբի առաջարկած ձեւաւորումը: Բոլոր անոնք, որոնք գծագրական ձեւաւորումով (graphic design) չեն զբաղիր ու չորս դասընթացներու մասնակիցներուն մէջ չեն, միեւնոյնն է, կրնան մասնակցիլ` առաջարկելով մրցանակի կարգախօսն ու գունապնակը: Յաղթող կարգախօսն ու գունապնակը պիտի յայտարարուին «100 LIVES»ի պաշտօնակատար անձերուն կողմէ Ապրիլ 23ին Դիլիջանի մէջ:
«Աւրորա»ն համաշխարհային մարդասիրական ամենամեայ նոր մրցանակ է, որ պիտի շնորհուի այն անհատներուն կամ խումբերուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգի ենթարկելով՝ օգնած են այլոց գոյատեւելու: 2016ի Ապրիլ 24ին Երեւանի մէջ կայանալիք արարողութեան ընթացքին Ճորճ Քլունի յաղթողին պիտի յանձնէ անդրանիկ մրցանակը: