Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինին՝ անցնող շաբաթավերջին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջին-արեւելեան յանձնաժողովներու ներկայացուցիչներու երկօրեայ խորհրդաժողով մը գումա
րուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ։ Խորհրդաժողովի ընթացքին կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու ու արձանագրուած իրագործումներու արժեւորումը եւ ներկայացուեցան համապատասխան առաջարկներ:
Երկօրեայ այս խորհրդաժողովին առաջին նիստը գումարուեցաւ Շաբաթ՝ 13 Փետրուար 2016ի կէսօրէ ետք ժամը 3էն սկսեալ` ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Հայոց Ցեղասպանութեան միջին-արեւելեան յանձնաժողովներու ներկայացուցիչներու, հոգեւոր հայրերու, միութենական ներկայացուցիչներու եւ հիւր անձնաւորութիւններու: Նախքան նիստին գումարումը, ժողովականներէն խումբ մը այցելեց Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»ի «Արամ Պեզիկեան» թանգարան: