­altՎա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կար­ներ ար­տադ­րող Փի­թըր Մ­սըր­լեա­նի «100ա­մեայ Վե­րապ­րո­ղը» («The 100-Year-Old Survivor») ժա­պա­ւէ­նը, որ ան­ցեալ տա­րի ցու­ցադ­րո­ւած էր «­Հո­րի­զոն» պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նէն եւ Լոս Ան­ճե­լը­սի KLCS կա­յա­նէն, Յու­նո­ւար 23ին շա­հած է Հա­րա­ւա­յին Քա­լի­ֆոր­նիոյ ձայ­նաս­փիւ­ռա­յին եւ պատ­կե­րաս­փիւ­ռա­յին լու­րե­րու միու­

թեան «­Կոլ­տըն Մայք» մրցա­նա­կը՝ խմբագ­րու­մի դա­սա­կար­գին մէջ։

«Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թի փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ պատ­կե­րաս­փիւ­ռա­յին հա­ղոր­դում­նե­րու ըն­թաց­քին ժա­պա­ւէ­նը դի­տած է առ­նո­ւազն 60.000 հո­գի, ո­րոնց մէկ եր­րոր­դը հայ չէ։

Տե­ղա­կան «Էմ­մի» մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած Մ­սըր­լեան այս ժա­պա­ւէ­նը նկա­րա­հա­նած է քա­նի մը տա­րո­ւան ըն­թաց­քին՝ սկսե­լով Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկո­ւած Ղա­զա­րոս Քա­տե­մեա­նի ծննդեան 100ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեամբ:

Ա­պա, մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, դի­տո­ղը ա­կա­նա­տես կը դառ­նայ, թէ Քա­տե­մեան բազ­մա­թիւ ա­մե­րի­կա­հա­յե­րու հետ միա­սին ինչ­պէ՛ս կը բռնէ ար­դա­րու­թիւ­նը ո­րո­նե­լու ճամ­բան: Շար­ժան­կա­րը ցարդ ցու­ցադ­րո­ւած է նաեւ Սաք­րա­մեն­թո­յի, Նիւ Եոր­քի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ: