­altՀա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը հաս­տա­տած «Ք­լարք» հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մու­թեան մէջ նոր ան­կիւ­նա­դարձ մը ար­ձա­նագ­րո­ւած է, երբ Ող­ջա­կիզ­ման եւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ուս­մանց «Ս­թաս­լըր» կեդ­րո­նէն ներս գոր­ծող ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ուս­մանց դոկ­տո­րի ա­ռա­ջին վկա­յա­կա­նը յանձ­նո­ւած է ­Խա­չիկ ­Մու­րա­տեա­

նին։ ­Մու­րա­տեա­նի ու­սում­նա­սի­րու­թեան նիւ­թը ե­ղած է՝ «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եւ ­Մար­դա­սի­րա­կան Օ­ժան­դա­կու­թիւն՝ Օս­մա­նեան ­Սու­րիոյ մէջ (1915-1917)», իսկ զայն պաշտ­պա­նած է փրո­ֆե­սէօր­ներ ­Թա­ներ Աք­չա­մի եւ ­Տեպ­րա ­Տո­ւոր­քի, ինչ­պէս նաեւ ­Փա­րի­զի «­Նու­պա­րեան» գրա­դա­րա­նի վա­րիչ ­Ռէյ­մընտ ­Գէոր­գեա­նի առ­ջեւ։ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մաս­նա­գի­տու­թեան մէջ դոկ­տո­րա­կան ա­ռա­ջին տիտ­ղո­սին տու­չու­թեան ա­ռի­թով՝ ­Յու­նո­ւար 29ին կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­ւա­քոյ­թի մը ըն­թաց­քին, Աք­չամ նշած է, որ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը պատ­մա­կան ան­կիւ­նա­դարձ մըն է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեանց հա­մար՝ ա­ւելց­նե­լով, որ այս մէ­կը ոչ միայն հա­մալ­սա­րա­նին, այ­լեւ ամ­բողջ ­Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ այդ մաս­նա­գի­տու­թեան մէջ դոկ­տո­րի ա­ռա­ջին վկա­յա­կա­նը կը հան­դի­սա­նայ։