Արթուր Աբրահամ Գերմանիոյ մէջ տարուան լաւագոյն բռնցքամարտիկը հռչակուեցաւ,- կը յայտնէ մարզիկին մամլոյ ծառայութիւնը: Գերմանական «BoxSport» ամսագիրի դատակազմին եւ ընթերցողներուն միջեւ կատարուած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ մասնագիտական բռնցքամարտի գեր-միջին կշիռքի դասակարգին մէջ
WBOի վարկածով աշխարհի ախոյեանը հաւաքած է առաւելագոյն ձայները:
35ամեայ բռնցքամարտիկը այս տիտղոսին կ՛արժանանայ 7րդ անգամն ըլլալով: Իսկ Արթուր Աբրահամի մարզիչ Ուլի Վակներ ճանաչուած է տարուան լաւագոյն մարզիչը։