2015ի Ապրիլ 12ին, Պապին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին կատարուած յայտարարութենէն ետք, Թուրքիա ետ կանչած էր Վատիկանի մօտ իր դեսպանը: Ներկայիս՝ տասը ամիս ետք, դեսպանը կը վերադառնայ Վատիկան, իր պաշտօնին գլուխը: Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութե
նէն բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը, այս որոշումը կայացուած է Փետրուար 3ին, Պապի եւ Վատիկանի յայտարարութիւններէն ետք:
Բայց ի՞նչ պատահած է: Հարցը հետեւեալն է.
Տարտանէլի մասին հրատարակուած է գիրք մը, որ ներկայացուած է նաեւ Պապին: «Նիւ Իսթ Ֆաունտէյշըն» կազմակերպութեան կողմէ լոյս ընծայուած «Տարտանէլի առաջին յաղթանակը - 1857» խորագրեալ գիրքին ներկայացման առիթով՝ Պապը ընդունած է վերոյիշեալ կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ռինալտօ Մարմարան: Վատիկանի կողմէ հաղորդուած է, որ հակառակ անցեալի դառն յիշողութիւններուն, անհրաժեշտ կը դառնայ, որ գործակցութեան վերաբերեալ գիտական ուսումնասիրութիւն մը կատարուի, հասարակաց ու ընդունելի ճշմարտութիւն մը գտնելու նպատակով: Այս ուղղութեամբ Վատիկան ողջունելի նկատած է պատմաբաններու առջեւ իր բոլոր արխիւները բանալու Թուրքիոյ որոշումը: Վատիկանի կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ յիշուած է նաեւ 1977ի Յունիսին Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանին ահաբեկումն ալ, շեշտելու համար անցեալին ապրուած պատահարներու դառնութիւնը: Այս բոլորէն ետք, Վատիկանի բանբեր հայր Ֆէտէրիքօ Լոմպարտի թուրք մամլոյ ներկայացուցիչներուն փոխանցած է Պապին կողմէ իրեն ըսուած այն խօսքը, թէ ինք թուրք ժողովուրդը կը սիրէ ու կը գնահատէ: Այս զարգացումն է, որ գոհացուցիչ գնահատուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, մինչ թուրք մամուլն ալ Վատիկանի յայտարարութիւնները որակած է որպէս «յետ-քայլ»: Միւս կողմէ, ոչ մէկ յաւելեալ մանրամասնութիւն կայ արխիւներ բանալու եւ զանոնք պատմաբաններու խառն յանձնաժողովի տրամադրութեան տակ դնելու մասին: Այս ծրագիրը, որքան ալ վիճարկելի, լուրջ հիմք ունի՞, թէ՞ պարզապէս հնարք-պատրուակ մըն է, դեսպանը իր պաշտօնին գլուխը ղրկելու համար, յայտնի չէ: Ծանօթ է, որ թրքական դիւանագիտութեան սովորութիւններուն մաս կը կազմէ դեսպան ետ կանչելը՝ ամէն անգամ, որ Անգարայի համար «տհաճ» բան մը պատահի: Բայց տասը ամսուան այսքան երկար բացակայութիւն՝ քիչ նախադէպ ունի:
«Թուրքիա ապատեղեկատուութիւն կ՚ընէ»
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան, այս հարցին մասին խօսելով, նշած է, թէ Թուրքիա ապատեղեկատւութիւն կ՚ընէ եւ այն լուրերը, թէ Վատիկան յետ-քայլ ըրած է Պապի ապրիլեան ուղերձէն, ամբողջութեամբ կեղծ են: