Հրանտ Տինք հիմնադրամը, «Փոքր Ասիոյ մշակութային ժառանգութիւն» նախագիծով, կատարած է ցանկագրումը հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ հրեաներու կողմէ կառուցուած եկեղեցիներու, սինակոկներու, վանքերու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու ու գերեզմանատներու: Մօտ 2,5 տարի տեւած աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք ցուցակագրուած են 10 հազարի չափ կառոյցներ, ո
րոնցմէ 4600ը հայկական է, 4100ը` յունական, 650ը` ասորական, 300ը` հրէական: Հիմնադրամը այս բոլոր կառոյցները ներառող քարտէս կազմած է, զոր կարելի է տեսնել turkiyekulturvarliklari.com կայքէջին վրայ:
Աշխատանքները իրականացուցած են հետազօտողներ Վահագն Քեշիշեան, Նորա եւ Զաքարիա Միլտանօղլուներ, Նորայր Օլկար, Մուսթաֆա Պաթման, Էզգի Տէնիզ Պերք, Մերվէ Քուրթ, Թունա Պաշըբէք եւ այլոք:
Բացի կանգուն մնացած կառոյցներէն, հետազօտողները կազմած են նաեւ Փոքր Ասիոյ քանդուած, աւերուած, որպէս ախոռ օգտագործուող կամ մզկիթի վերածուած կառոյցներու ցանկը: Վերոնշեալ նախագիծին աջակցած են Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարարութիւնը, «Բաց հասարակութիւն» եւ «Chrest» հիմնադրամները:
Թուրքիոյ քրիստոնէական կառոյցներուն վերաբերեալ նմանատիպ համապարփակ ուսումնասիրութիւն ցարդ չէր կատարուած: Հետազօտողները նշած են, որ լայնօրէն օգտուած են եկեղեցական մատեաններէն եւ հասանելի բոլոր աղբիւրներէն: Ուսումնասիրութիւններ կատարելու հնարաւորութիւն ունեցած են նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան ենթակայութեան տակ գտնուող Օսմանեան Արխիւներուն մէջ:
Ծրագրի յաջորդ հանգրուանով կը նախատեսուի այցելել Թուրքիոյ տարբեր շրջաններ եւ մէկ առ մէկ ստուգել բոլոր այն կառոյցները, որոնց մասին հետազօտողները տեղեկութիւններ հաւաքած եւ արձանագրած են: