Լիբանանեան «Ալմանար» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ժապհաթ Նուսրա քանդած է Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Ղնէյմիյէ գիւղին եկեղեցիները։
Պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած տեսագրութեան մէջ կը ներկայացուի Ժագ անունով անհատ մը, որ Ղնէյմիյէ գիւղին Սուրիոյ բանակի վերահսկողութեան տակ անցնելէն ետք‚ տարինե րու սպասումէն ետք կ’այցելէ իր տունը‚ որ քարուքանդ եղած է։ Գիւղին հայկական եկեղեցին եւ աւետարանական եկեղեցին ենթարկուած են դիտաւորեալ քանդումի։ Քանդուած եւ պղծուած են նաեւ գերեզմանները։ Գիւղի հայ բնակիչներէն մէկը պատկերասփիւռի կայանին կը յայտնէ.- «Այս չարիքին արմատը թուրքերն են. իրենք են,որ կացութիւնը այս վիճակին հասցուցին. իրենք են, որ քանդեցին։ Իսկ զինեալները հարազատ կրկնօրինակն են թուրքերուն‚ որոնք կրօնք չունին‚ ո՛չ երկրի վրայ‚ ո՛չ ալ երկնքի մէջ»։ Զինեալները գիւղին մէջ միայն քանդում ու տեղահանութիւն պատճառած են։ «Ալմանար»ի լրագրողը տեսերիզի վերջաւորութեան կը նշէ.- «Հայերուն դէմ թուրքերուն ջարդերը կը կրկնուին 21րդ դարուն. այդ է կարծիքը համեստ Ղնէյմիյէ գիւղի բնակիչներուն»։