Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը մինչեւ Մայիս 12 ժամանակ տուած է Ատրպէյճանին եւ Հունգարիոյ՝ պատասխանելու ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովը արտայանձնելու եւ վաղաժամ ազատ արձակելու գործով դատարանի կողմէ այդ պետութիւններուն ուղղուած հարցերուն:
Ինչպէս «Արմէնփրես»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Մ.Ի.Ե.Դ.ի մէջ դիմումատու` հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի հարազատներու շահերուն պաշտպան Նազելի Վարդանեան, դիմող կողմը կը ձգտի ամէն ինչ ընելու, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանչցուի իբրեւ առնչակից կողմի, քանի որ Գուրգէն Մարգարեանը Հայաստան պետութիւնը ներկայացնող զինծառայող էր, երբ դաժանաբար քնացած պահուն սպաննուեցաւ ատրպէյճանցի ոճրագործ Սաֆարովի կողմէ:
«Այն, որ դատարանը գործն ընդունել է վարոյթ եւ արդէն մեկնարկել է հաղորդակցութեան փուլը, մեծ առաջընթաց է: Մենք դրան երեք տարի սպասել ենք, քանի որ հայցը ներկայացրել էինք 2013թ. Փետրուարի 28ին»,- ըսած է Վարդանեան:
Մ.Ի.Ե.Դ.ի մէջ Գուրգէն Մարգարեանի հարազատներուն շահերը կը ներկայացնեն նաեւ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Փաստաբանական Կեդրոնը, հայկական հասարակական Legal Guide կազմակերպութիւնը: Գանգատին մէջ կը պահանջուի ճանչնալ, որ Հունգարիոյ կողմէ Ատրպէյճանին մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնումը եւ Ատրպէյճանի կողմէ անոր շնորհուած ներումը, ըստ էութեան` արդարացումը եւ հերոսացումը կը խախտեն Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Ուխտագիրի 2րդ յօդուածով (այն է` կեանքի իրաւունք), 14րդ յօդուածով (խտրականութեան արգելք) ամրագրուած հիմնարար իրաւունքները: Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը կրնայ պարտաւորեցնել՝ ոճրագործին ետ յանձնել Հունգարիոյ կամ կրել պատիժի մնացած մասը նոյն Ատրպէյճանի մէջ: Վճիռը կրնայ ենթադրել նաեւ դրամական պատասխանատուութիւն:
Մարգարեանի հարազատները նաեւ կը շեշտեն, որ հայ սպան զոհ դարձած է ազգային ատելութեան հողի վրայ կատարուած յանցագործութեան, որ աւելի ուշ արդարացուած է մարդասպանին ներում շնորհելու եւ ազատ արձակելու միջոցով: Հունգարիա իր հերթին ինչպէս ընդգծած են գանգատ ներկայացնողները, արտայանձնած է Սաֆարովը Ատրպէյճանին առանց երաշխիքներ ստանալու, որ յանցագործը այդ երկրին մէջ պիտի կրէ իր դատավճռով սահմանուած պատիժը ամբողջութեամբ:
Գանգատ ներկայացուցած է նաեւ Հայկ Մակուչեանը, որուն, ինչպէս պարզած է դատարանը, ցանկացած է սպաննել Սաֆարովը Պուտափեշտի մէջ նոյն միջադէպի ժամանակ:
Թուրքիոյ մէջ յատուկ պատրաստութիւն անցած Ատրպէյճանի ԶՈՒ սպայ Ռամիլ Սաֆարովը 2004-ի Փետրուարին կը մասնակցէր ՆԱԹՕ-ի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութիւն» ծրագրի ծիրէն ներս անգլերէնի դասընթացքներուն, որուն կը մասնակցէին նաեւ հայ սպաներ Գուրգէն Մարգարեանն ու Հայկ Մակուչեանը:
2004ի Փետրուար 19ի գիշերը Ռամիլ Սաֆարով թաքուն մտած էր Գուրգէն Մարգարեանի սենեակը եւ կացինահարած՝ քնացած հայ սպան:
Երկարատեւ դատական գործընթացէ ետք 2006ի Ապրիլին Սաֆարով Պուտափեշտի դատարանին կողմէ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած էր` 30 տարի առանց ներման իրաւունքի: Հունգարական դատարանը բազմիցս յայտարարած էր Սաֆարովի` հայրենիքին արտայանձնելու անհնարինութեան մասին, սակայն 2012ի Օգոստոս 31ին Սաֆարովը արտայանձնեցին Ատրպէյճանին, ուր մարդասպանին Նախագահ Ալիեւ անմիջապէս ներում շնորհեց, զինուորական բարձր կոչում տուաւ եւ միանուագ վճարեց 8 տարուան աշխատավարձը: Նոյն օրը պաշտօնական Երեւանը խզեց դիւանագիտական յարաբերութիւնները Պուտափեշտի հետ: