altՔան­դա­կա­գոր­ծու­թեան Ազ­գա­յին ­Պարկ (park)-­Թան­գա­րա­նը, Ա­նիի ­Տիգ­րան ­Հո­նենց Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­կա­նե­լու­թեան վի­ճարկ­ման եւ թե­րի վե­րա­կանգն­ման ա­ռի­թով, նա­խա­ձեռ­նած է ստո­րագ­րա­հա­ւա­քի:

 ­Թան­գա­րա­նի տնօ­րէն Ար­թուր ­Գէոր­գեան «Եր­կիրն Այ­սօր»ին ը­սած է, որ այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան ա­ռի­թը օ­րեր ա­ռաջ հա­մա­ցան­ցի մէջ յայտնո­ւած լու­սան­կար մըն է: Այդ լու­սան­կա­րին մէջ կ­՚ե­րե­ւայ ­Տիգ­րան ­Հո­նենց Ե­կե­ղեց­ւոյ ցու­ցա­նա­կը` ե­կե­ղեց­ւոյ վրա­ցա­կան պատկ­անե­լիու­թեան մա­սին գրու­թեամբ մը: ­Թուր­քիոյ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան, ԵՈՒՆԵՍՔՕի ­Ժա­ռան­գու­թեան ­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րի յանձ­նա­խում­բին եւ ամ­բողջ աշ­խար­հի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ուղղո­ւած թան­գա­րա­նի նա­մա­կին մէջ կը նշո­ւի, որ ­Տիգ­րան ­Հո­նենց Ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գա­յին եւ դա­ւա­նա­բա­նա­կան պատ­կա­նե­լիու­թեան վառ ա­պա­ցոյց­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ Սբ. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րի­չի տան­ջանք­նե­րը պատ­կե­րող որմ­նան­կար­ներն են:

Ս­տո­րագ­րա­հա­ւա­քի նա­խա­ձեռ­նող­նե­րը ո­լոր­տի թրքա­կան պա­տաս­խա­նա­տու կա­ռոյց­նե­րէն կը պա­հան­ջեն զերծ մնալ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մա­կան պատ­կա­նե­լու­թեան շուրջ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէ, իսկ ե­կե­ղեց­ւոյ մօտ տե­ղադ­րո­ւած ցու­ցա­նա­կին մէջ նշել, որ ա­նի­կա հայ­կա­կան-քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի է։ Ա­նոնք կը պա­հան­ջեն այս փու­լով չա­ւար­տել ե­կե­ղեց­ւոյ գմբէ­թի շի­նա­րա­րու­թիւ­նը եւ յայ­տա­րա­րել հե­տա­գայ աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թացքն ու նպա­տակ­նե­րը, նաեւ՝ զերծ մնալ Վ­րաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ մշա­կու­թա­յին հա­կա­մար­տու­թեան հրահ­րու­մէն:

Ս­տո­րագ­րա­հա­ւա­քըկ­՛ի­րա­կա­նա­ցո­ւի change.org կայ­քինմէջ: ­Միա­ցէ՛ք։