Հինգշաբթի՝ 28 Յունուար 2016ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի գծով տեղի ունեցած խորհրդակցութեան որպէս շարունակութիւն, Ուրբաթ՝ 29 Յունուար 2016ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցած է հոգեւոր առաջնորդներու հան
դիպում, մասնակցութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանի, Հալէպի Թեմի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Պետրոս Արք. Մրէաթեանի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի։ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով տեղեակ պահած է հոգեւոր առաջնորդները օր մը առաջ տեղի ունեցած խորհրդակցական հանդիպման քննարկումներուն մասին։ Արամ Ա. ողջունած է սուրիական տագնապի տարիներուն Սուրիոյ հայութեան ցուցաբերած միասնական ոգին ու միասին խորհրդակցելու եւ աշխատելու յանձնառութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր գնահատանքը յայտնած է Սուրիոյ հայութեան իրենց նիւթական աջակցութիւնը կատարած բոլոր կազմակերպութիւններուն ու հայորդիներուն։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտած է Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնումի առաջնորդող նոր ծրագիրներու մշակման անհրաժեշտութիւնը։ Հոգեւոր առաջնորդները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնած են Արամ Ա. Կաթողիկոսի, որ անցնող տարիներու ընթացքին միշտ զօրակից դարձած է Սուրիոյ հայութեան՝ բոլոր շրջաններէն ներս, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնած են օժանդակ հանդիսացած բոլոր հայորդիներուն։ Ապա՝ երեք յարանուանութեանց առաջնորդները իրենց տեսակէտները պարզած են վերականգնումի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն վերաբերեալ։
Հանդիպման աւարտին, հոգեւոր առաջնորդները ճաշի հիւրը եղած են Վեհափառ Հայրապետին։