altՓա­րի­զի l’Hοtel du Collectionneurի մէջ, Յու­նո­ւար 28ի ե­րե­կո­յեան, տե­ղի ու­նե­ցաւծ է Ֆ­րան­սա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դի ա­մե­նա­մեայ ընթ­րի­քը: Ձեռ­նար­կին ներ­կայ ե­ղած են Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա Օ­լանտ, Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պետ Անն Ի­տալ­կօ, աշ­խար­հահռ­չակ հա­յազ­գի

շան­սո­նիէ, Զո­ւի­ցե­րիոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Շարլ Ազ­նա­ւուր, Ֆ­րան­սա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Վի­գէն Չի­թե­չեան, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Մու­րատ Փա­փա­զեան, ֆրան­սա­հայ ա­կա­նա­ւոր քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ, ա­ջա­կող­մեան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ Փաթ­րիկ Տէ­վէ­ճեան, Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նի հայ դա­սա­խօս Մարք Մու­գա­լեան, որ փոր­ձած էր նա­խորդ տա­րո­ւան Օ­գոս­տոս 21ին կանգ­նեց­նել Փա­րիզ-Պրիւք­սել գնաց­քի ա­հա­բե­կի­չը ու Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հին կող­մէ ար­ժա­նա­ցած Ֆ­րան­սա­յի Քա­ջու­թեան չոր­րորդ աս­տի­ճա­նի պար­գե­ւի, ինչ­պէս նաեւ ֆրան­սա­հայ հա­սա­րա­կա­կան, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ:

Իր խօս­քին մէջ Օ­լանտ յայ­տա­րա­րած է, որ վերսկ­սած են Ֆ­րան­սա­յի մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րէն­քի պատ­րաստ­ման շուրջ քննար­կում­նե­րը` նշե­լով, որ ա­նոր պատ­րաս­տու­թիւ­նը ինք վստա­հած է Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ ԺանՓոլ Կոս­թա­յի:

«­Յոր­դո­րած եմ ԺանՓոլ Կոս­թա­յին, որ մեր լա­ւա­գոյն ի­րա­ւա­բան­նե­րէն մէկն է, որ­պէս­զի մեր օ­րէնսդ­րու­թեան մէջ գտնէ ո­րե­ւէ ծան­րակ­շիռ ճա­նա­պարհ, որ ան­վի­ճե­լիօ­րէն կը պաշտ­պա­նէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շո­ղու­թիւ­նը»,- յայ­տա­րա­րած է Ֆ­րան­սո­ւա Օ­լանտ, ո­րուն հե­տե­ւած են ներ­կա­նե­րու ծա­փող­ջոյն­նե­րը: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփ­րես»` վկա­յա­կո­չե­լով Ե­լի­զէեան Պա­լա­տի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քը։ Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հը ա­ւել­ցու­ցած է, որ ԺանՓոլ Կոս­թա կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ պի­տի փոր­ձէ գտնել այն բո­լոր ե­րաշ­խիք­նե­րը, որ­պէս­զի այ­դու­հե­տեւ օ­րէն­քի հետ կա­պուած ի­րա­ւա­կան ո­րե­ւէ տա­րա­կար­ծու­թիւն չըլ­լայ:

Օ­լանտ՝ դի­մե­լով ներ­կա­նե­րուն, նշած է, որ գի­տէ, թէ ինչ­պի­սի՛ դժգո­հու­թիւն­ներ յա­ռա­ջա­ցած են 2012ին ներ­կա­յա­ցո­ւած, բայց չըն­դու­նո­ւած օ­րէն­քի հար­ցին շուրջ, որ Օ­լան­տի խօս­քով՝ հնա­րա­ւոր է ներ­կա­յա­ցո­ւած էր հապ­ճեպ, ո­րուն հե­տե­ւան­քով ալ յա­ռա­ջա­ցած էին սահ­մա­նադ­րա­կա­նու­թեան հետ կապուած խնդիր­ներ: Միա­ժա­մա­նակ, Օ­լանտ կա­րե­ւոր հա­մա­րած է նոր օ­րէն­քի ան­վե­րա­պահ սահ­մա­նադ­րա­կա­նու­թիւ­նը, քա­նի որ ե­թէ ա­նի­կա բո­ղո­քար­կեն Մ.Ի.Ե.Դ.ի մէջ, «ա­պա ա­տի­կա կ­՛ըլ­լայ սար­սա­փե­լի պար­տու­թիւն Ֆ­րան­սա­յի հա­մար եւ Հայ Դա­տի ու­րա­ցում»: Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հը նաեւ վստա­հե­ցու­ցած է, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րի­նա­գի­ծի ըն­դուն­ման իր խոս­տու­մը ո­րե­ւէ կապ չու­նի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հետ:

«Խն­դի­րը հաշ­տեց­նելն է: Հա­յաս­տա­նը եւ Թուր­քիան միշտ պէտք է ի­մա­նան, որ Ֆ­րան­սան ի­րենց կող­քին է` օգ­նե­լու ա­նոնց գտնե­լու երկ­խօ­սու­թիւն»,- ը­սած է Օ­լանտ: Ֆ­րան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Մու­րատ Փա­փա­զեան՝ ար­ձա­գան­գե­լով նա­խա­գահ Օ­լան­տի խօս­քին` նշած է, որ կը հպար­տա­նան, քա­նի որ ան 2015ին ե­ղած է Հա­յաս­տա­նի կող­քին:

«2016 թո­ւա­կա­նին Ֆ­րան­սա­յի հայ­կա­կան ծա­գու­մով 500 հա­զար քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պի­տի հե­տե­ւին ձե­զի` ի­րենց ա­մե­նա­նո­ւի­րա­կան ցան­կու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նե­լու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ճա­նա­պար­հին»,- ը­սած է Փա­փա­զեան, որ իր ե­լոյ­թը հրա­պա­րա­կած է ֆէյս­պու­քի մէջ: