ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ


Այսօր կէսօրէ ետք նիստ կը գումարէ Միջազգային Արժոյթի Ֆոնտի կեդրոնական խորհուրդը, քննելու համար ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին թեկնածու անձնաւորութիւնները: Շատ հաւանական է արագօրէն յաջանալ ֆրանսացի Քրիսթին Լակարտի կամ մեքսիքացի Ակուստին Քարսթէնսի ընտրութեան միջեւ: Խորհուրդի 24 անդամները մինչեւ Հինգշաբթի պէտք է որոշած ըլլան Տոմինիք Սթրոս Քանը փոխարինող անձի մասին:

ՎԻՐՃԻՆԻԱ


Աֆղանիստանի կեդրոնական դրամատան ղեկավար Ապտուլ Քատիր Ֆիթրաթ իր հրաժարականը ներկայացուցած եւ անմիջապէս ԱՄՆ մեկնած է, իր կեանքին դէմ սպառնալիքներու մասին բացայայտումներ կատարելով: