Պրիւքսէլ, 27 Յունուար 2016.- Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս, Յունուար 26 եւ 27ին, տեղի ունեցաւ «Եւրոպական Միութիւնը, Թուրքիան, Միջին Արեւելքը եւ քիւրտերը. հին խնդիրներ, նոր լուծումներ» գիտաժողովը, որուն հրաւիրուած էին խօսելու գիտնականներ, քաղաքագէտներ, դիւանագէտներ, հասարակական կազմա
կերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լայն հասարակութիւն մը: Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Եւրոպական Խորհրդարանի ձախակողմեան խմբակցութեան կողմէ: Գիտաժողովին հիմնական նիւթերն էին Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը, Սուրիոյ պատերազմը եւ խաղաղութեան հնարաւորութիւնները, փախստականներու դժուարին կացութիւնը եւ մարդկային աղէտը, Թուրքիոյ ներքին հարցերը, քիւրտերու դէմ ծաւալած մարտական գործողութիւնները, փոքրամասնութեանց եւ մարդկային իրաւունքները եւ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն մուտքի հնարաւորութիւնները: Գիտաժողովին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պելճիքայի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբերու անդամներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ գիտաժողովին ընթացքին ունեցաւ զանազան հանդիպումներ: Հանդիպում մը կայացաւ պատուիրակութեան եւ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) համանախագահ Սելահաթին Տեմիրթաշի միջեւ: Հայ Դատի պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Տեմիրթաշը իր վերընտրութեան առթիւ եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն: Արծարծուեցան նաեւ երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր: Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը HDPի հրաւէրով՝ սոյն ընտրութիւններուն մասնակցած էր իբրեւ դիտորդ: