altՀինգ­շաբ­թի՝ 28 Յու­նո­ւար 2016ի ա­ռա­ւօ­տուն, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ, Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ խորհր­դակ­ցա­կան հան­դի­պում մը, ո­րուն նպա­տակն էր Սու­րիոյ հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի յա­ռա­ջի­կայ աշ­խա­տանք­նե­րը կազ­մա­կեր­պել: Ժո­ղո­վին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին Բե­րիոյ հա­

յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ Շա­հան Արք. Սար­գի­սեան, ինչ­պէս նաեւ Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ու Բե­րիոյ թե­մի Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը: Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նախ ջեր­մօ­րէն գնա­հա­տեց Սու­րիոյ հա­յու­թեան ա­մուր կա­պո­ւա­ծու­թիւ­նը Սու­րիոյ եւ մեր հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րուն` հա­կա­ռակ տի­րող անն­պաստ պայ­ման­նե­րուն: Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս նաեւ գնա­հա­տեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին ու ազ­գա­յին մար­մին­նե­րուն ցու­ցա­բե­րած նո­ւի­րեալ եւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քը, ինչ­պէս նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րու կա­րիք­նե­րուն օգ­տա­կար ե­ղող Շ­տապ Մար­մի­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը գնա­հա­տեց մեր ժո­ղո­վուր­դին ցու­ցա­բե­րած միաս­նա­կա­մու­թիւ­նը Սու­րիոյ մէջ եւ թե­լադ­րեց, որ գա­ղու­թը լծո­ւի վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Ա­պա, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը խօսք առ­նե­լով, Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեան, ժո­ղո­վուր­դին եւ իր ա­նու­նով խոր շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին, որ ոչ միայն ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նած է Սու­րիոյ հա­յու­թեան նկատ­մամբ անց­նող տագ­նա­պա­լից շրջա­նին, այլ նաեւ նիւ­թա­պէս օգ­տա­կար հան­դի­սա­ցած` կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին մէջ հաս­տա­տած Սու­րիոյ հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան հիմ­նադ­րա­մին ճամ­բով: Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը լայ­նօ­րէն քննար­կե­ցին Սու­րիոյ հա­յու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նու­մի ա­ռաջ­նոր­դող կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը` թե­մա­կան, հա­մայն­քա­յին, տնտե­սա­կան ու քա­ղա­քա­կան ե­րես­նե­րով:

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշտուե­ցաւ, թէ Սու­րիոյ հայ հա­մայն­քը` իբ­րեւ Սու­րիոյ կա­րե­ւոր քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րէն մէ­կը, պէտք է իր ամ­բող­ջա­կան ու գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րէ Սու­րիոյ վե­րա­կանգ­նու­մի ա­ռաջ­նոր­դող բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րուն: