­altՄարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րա­նը (Մ.Ի.Ե.Դ.)։­ ատր­պէյ­ճան­ցի սպայ Ռա­միլ Սա­ֆա­րո­վի կող­մէ կա­ցի­նա­հա­րո­ւած հայ սպայ Գուր­գէն Մար­գա­րեա­նի սպա­նու­թեան գոր­ծով, իբ­րեւ պա­տաս­խա­նող կողմ ճանչ­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Հուն­գա­րիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը: Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան Փաս­տա­բա­նա­կան Կեդ­րո­նին

հա­մա­ձայն, Մ.Ի.Ե.Դ. ատր­պէյ­ճա­նա­կան եւ հուն­գա­րա­կան կող­մե­րէն պա­հան­ջած է պաշ­տօ­նա­պէս պա­տաս­խա­նել սպան­նո­ւած հայ սպա­յին հա­րա­զատ­նե­րու դի­մու­մին: Մ.Ի.Ե.Դ.ի մօտ Գուր­գէն Մար­գա­րեա­նի հա­րա­զատ­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան Փաս­տա­բա­նա­կան Կեդ­րո­նը, «­Լի­կըլ Կայտ» հայ­կա­կան-հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը եւ Նա­զե­լի Վար­դա­նեան: Յի­շեց­նենք, որ 19 Փետ­րո­ւար 2004ի գի­շե­րը, ատր­պէյ­ճան­ցի Ռ. Սա­ֆա­րով կա­ցի­նա­հա­րած էր այդ պա­հուն քնա­ցած Գուր­գէն Մար­գա­րեա­նը: Եր­կու սպա­նե­րը կը մաս­նակ­ցէին ՕԹԱ­Նի «­Գոր­ծըն­կե­րու­թիւն յա­նուն Խա­ղա­ղու­թեան» ծրա­գի­րի անգ­լե­րէ­նի դա­սըն­թաց­քին: Ապ­րիլ 2006ին, Պու­տա­փէշ­տի դա­տա­րա­նը Սա­ֆա­րո­վը ցմահ բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տած էր` ա­ռանց 30 տա­րի ժամ­կէ­տով հա­մա­ներ­ման ի­րա­ւուն­քի: Օ­գոս­տոս 2012ին Վիք­թոր Օր­պա­նի ո­րո­շու­մով, Սա­ֆա­րով ար­տա­յանձ­նո­ւե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի, ուր ան ան­յա­պաղ նա­խա­գա­հին կող­մէ նե­րու­մի ար­ժա­նա­ցաւ, բարձ­րա­ցաւ ծա­ռա­յո­ղա­կան աս­տի­ճա­նի եւ ստա­ցաւ նո­ւէր­ներ` բնա­կա­րան եւ 8 տա­րո­ւան աշ­խա­տա­վարձ: Հուն­գա­րիոյ այդ քայ­լին ի պա­տաս­խան` Հա­յաս­տան դադ­րե­ցուց այդ երկ­րին հետ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: