altՌու­սիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սեր­կէյ Լաւ­րով, Մոս­կո­ւա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած տա­րե­կան ամ­փո­փիչ ա­սու­լի­սի ժա­մա­նակ, յայ­տա­րա­րած է, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի լուծ­ման առն­չու­թեամբ ո­րե­ւէ փաս­տա­թուղթ գո­յու­թիւն չու­նի, ե­ղած են հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ քա­նի մը ա­

ռա­ջարկ­ներ, ո­րոնք, սա­կայն, չեն ա­ռաջ­նոր­դած տագ­նա­պի լուծ­ման եւ, ներ­կայ դրու­թեամբ, կը գտնո­ւին Ե.Ա.Հ.Կ.ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րին մօտ:

Լ­րագ­րո­ղի մը խնդրան­քով մեկ­նա­բա­նե­լով լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու մէջ շրջա­նա­ռո­ւող այն տե­ղե­կու­թիւ­նը, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի լուծ­ման առն­չու­թեամբ գո­յու­թիւն ու­նի փաս­տա­թուղթ մը, որ կը կո­չուի «­Լաւ­րո­վեան ա­ռա­ջարկ­ներ»՝ ռու­սա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան պե­տը բա­ցատ­րած է, որ Լաւ­րո­վի կամ ոե­ւէ մէկ այլ ան­ձի փաս­տա­թուղթ գո­յու­թիւն չու­նի:

«­Կան շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր, 4-5, թե­րեւս վեց, հի­մա չեմ յի­շեր, ո­րոնք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ տա­րո­ւող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու տար­բեր հանգրո­ւան­նե­րուն պատ­րաս­տած էին հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը, երբ խօսք կ­՛ըլ­լար, թէ պէտք է իբ­րեւ ա­ռա­ջին քայլ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ պատ­րաս­տո­ւի հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րու փաս­տա­թուղթ, իսկ յե­տոյ ար­դէն՝ այդ սկզբունք­նե­րուն հի­ման վրայ, խա­ղա­ղու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, որ պի­տի ու­նե­նար ի­րա­ւա­կան տե­սան­կիւ­նէ պար­տա­ւո­րիչ եւ ոչ թէ քա­ղա­քա­կան բնոյթ:

«Այդ փաս­տա­թուղ­թի տար­բեր տե­սակ­նե­րը, իսկ ա­նոնք 2007-2011 թո­ւա­կան­նե­րուն ե­ղա­փո­խու­թիւն ապ­րած են, հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը յանձ­նած են Ե.Ա.Հ.Կ.ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րին, եւ ա­նոնք կը գտնո­ւին այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան դա­րա­կը: Ա­նոնք միակ թուղ­թերն են, զորս կա­րե­լի է ա­նո­ւա­նել փաս­տա­թուղ­թեր:

Պաշ­տօ­նա­պէս գո­յու­թիւն ու­նե­ցող այդ փաս­տա­թուղ­թե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կը չէ ա­ռաջ­նոր­դած գործ­նա­կան լուծ­ման Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի լուծ­ման առն­չու­թեամբ, աշ­խա­տանք­նե­րը կը տա­րո­ւին այն սկզբուն­քով, որ «ո­չինչ չէ հա­մա­ձայ­նո­ւած, ե­թէ ա­մէն ինչ չէ հա­մա­ձայ­նո­ւած»: Ռու­սա­կան կող­մը, ինչ­պէս դուք գի­տէք, 2010 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ, երբ կը նա­խա­գա­հէր Տ­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւը, ջան­քեր գոր­ծադ­րած է, որ­պէս­զի գտնէ լու­ծու­մը այն խնդիր­նե­րուն, ո­րոնք տա­կա­ւին չեն հան­դի­սա­նար կող­մե­րու հա­մա­ձայ­նու­թեան ա­ռար­կայ: Եւ ա­տի­կա օգ­նած է ո­րոշ տեղ յա­ռաջ եր­թա­լու, յե­տոյ ե­ղաւ բա­ւա­կան եր­կար դա­դար, որ­մէ ետք Յու­նիս 2011ին Կա­զա­նի վե­հա­ժո­ղո­վին, հա­կա­ռակ ե­ղած յոյ­սե­րուն, կա­րե­լի չե­ղաւ հա­մա­ձայ­նու­թեան գալ հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րուն շուրջ: Իսկ ատ­կէ ետք, երբ նա­խա­գահ Փու­թին ան­գամ մը եւս վե­րընտ­րո­ւե­ցաւ այդ պաշ­տօ­նին վրայ, ան հան­դի­պե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն հետ եւ, ե­րեք նա­խա­գահ­նե­րուն յանձ­նա­րա­րու­թեամբ, մենք փոր­ձե­ցինք ու­ժե­ղաց­նել ջան­քե­րը խնդիր­նե­րու լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ:

«Խն­դիր­նե­րու լուծ­ման փնտռտուք­նե­րը այժմ գա­ղա­փար­նե­րու, բարձ­րա­ձայն միտ­քե­րու մա­կար­դա­կով են: Ես ու­նե­ցած եմ քա­նի մը հան­դի­պում Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի իմ գոր­ծըն­կեր­նե­րուս հետ եւ մենք այդ ա­մէ­նը քննար­կած ենք նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ֆ­րան­սա­յի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ: Ո­րե­ւէ այլ փաս­տա­թուղթ, բա­ցի ան­կէ, որ պահ դրո­ւած է Ե.Ա.Հ.Կ.ի մօտ, գո­յու­թիւն չու­նի: Մ­նա­ցեալ ա­մէն ին­չը փնտռտուք է, ինչ­պէս ար­դէն ը­սի` միտ­քեր»,- ը­սած է Լաւ­րով: