­Այս օ­րե­րուն Տիգ­րա­նա­կեր­տըՏիար­պա­քիր) եւ յա­րա­կից նա­հանգ­նե­րը ուղ­ղա­կի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի պայ­ման­ներ կ­՛ապ­րին։ Ա­մէ­նէն բուռն կռիւ­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին Տիգ­րա­նա­կեր­տի Սուր շրջա­նին մէջ, ուր 54 օ­րէ ի վեր ար­գի­լո­ւած է քա­ղա­քա­ցի­նե­րու շրջա­գա­յու­թիւ­նը։ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ա­մէն օր բա­խում­ներ կ­՚ու­նե­նան Քրտա­կան Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան

(Ք.Ա.Կ.) զի­նեալ­նե­րուն հետ։ Սու­րի շրջա­նին մէջ կը գտնո­ւի նաեւ հա­յոց Սուրբ Կի­րա­կոս ե­կե­ղե­ցին, որ աս­կէ ա­ռաջ թե­թեւ վնաս­ներ կրած էր։ «­Սէօզ­ճիւ» թեր­թը առ­ջի օր հա­ղոր­դած էր, թէ այս վայ­րե­րու պատ­մա­կան կա­րե­ւոր յու­շար­ձան­նե­րը լուրջ վտան­գի են­թար­կո­ւած են։ Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղե­ցին ալ ա­նոնց­մէ մէկն է։ Ե­կե­ղե­ցին, որ հրկի­զո­ւած Գուր­շուն­լու մզկի­թի ե­տին կը գտնո­ւի, վեր­ջերս ար­ժա­նա­ցած էր Եւ­րո­միու­թեան Մ­շա­կու­թա­յին Ժա­ռան­գու­թեան մրցա­նա­կին։