altԿի­րա­կի՝ 17 ­Յու­նո­ւա­րին, ­Փա­սա­տի­նա­յի ե­րեք հա­զար ա­թոռ ու­նե­ցող «­Սի­վիք» հան­դի­սաս­րա­հը փոքր ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. 125րդ ­տա­րե­դար­ձին ներ­կայ ըլ­լա­լու փա­փա­քով ձեռ­նար­կի վայր հա­սած բազ­մու­թեան հա­մար:

 

 

Դէ­պի սրահ մուտ­քը նոյ­նիսկ քիչ մը ընդվ­զեց­նող կրնար ըլ­լալ շա­տե­րու հա­մար: ­Տե­ղին է այս­տեղ նե­րո­ղու­թիւն խնդրել ներս մտնել չկրցող հա­րիւ­րա­ւոր հա­յոր­դի­նե­րէն: Ս­րա­հի տնօ­րէ­նու­թեան եւ քա­ղա­քի հրշէջ ծա­ռա­յու­թեան խիստ կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռաւ, կա­րե­լի չէր առ­կայ ա­թոռ­նե­րու թի­ւէն նոյ­նիսկ մէկ հո­գի ա­ւե­լի ըն­դու­նիլ ներս:

­Յա­մե­նայն­դէպս, ներ­կա­յա­ցո­ւած յայ­տա­գի­րը վստա­հա­բար մոռց­նել տո­ւաւ մուտ­քին հետ կա­պո­ւած տաղ­տու­կը: Այ­սօ­րո­ւան թղթակ­ցու­թիւ­նը պի­տի բա­ւա­րա­րո­ւի պարզ թո­ւար­կու­մո­վը յայ­տա­գի­րի գլխա­ւոր մա­սե­րուն: ­Յա­ւե­լեալ տե­ղե­կագ­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նենք հե­տա­գա­յին:

­Հա­յաս­տա­նի ու Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու քայ­լերգ­նե­րը կա­տա­րո­ւե­ցան ­Լարք ե­րաժըշ­տա­կան միու­թեան ա­շա­կերտ­նե­րուն, իսկ Հ.Յ.Դ.ի քայ­լերգ «Մ­շակ ­Բա­նո­ւո­րը»՝ Հ.Ե.Դ. ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան երգ­չա­խում­բին կող­մէ:

Օ­րո­ւան պատ­գամ­նե­րը փո­խան­ցե­ցին Հ.Յ.Դ. Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դոկտ. ­Վի­գէն ­Յով­սէ­փեան եւ օ­րո­ւան գլխա­ւոր բա­նա­խօ­սը՝ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան: ­Յայ­տա­գի­րը ա­ւար­տե­ցաւ «­Փի­լի­պոս»ի ա­շա­կեր­տա­կան երգ­չա­խում­բին կա­տա­րո­ղու­թեամբ «Ա­րիւ­նոտ Դ­րօշ» եր­գով, զոր յոտն­կայս ունկնդ­րեց ժո­ղո­վուր­դը, ո­րուն հա­մար ե­րե­կոն ո­գեշն­չող ի­րա­դար­ձու­թիւն մը ե­ղած էր։