«Ո՞վ սպաննեց հայերը». Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արաբերէն առաջին վաւերագրական ժապաւէնը պիտի ներկայացուի Նիւ Եորքի «Socially Relevant Film» շարժանկարի փառատօնին` խաղարկային-վաւերագրական ժապաւէն անուանակարգին մէջ: Այս մասին, ըստ «Հայերն Այսօր»ի, կը տեղեկացնէ Եգիպտոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ Արմէն Մազլումեան:
«Ո՞վ սպաննեց հայերը» ժապաւէնը նկարահանած են բեմադրիչ Մուհամատ Հանաֆի եւ լրագրող-հաղորդավար Մարիամ Զաքի: Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է 100 տարի առաջ թուրքերու կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ժապաւէնին մէջ կը ներկայացուին բազմաթիւ արխիւային նիւթեր եւ լուսանկարներ, որոնցմէ շատերը կը հրապարակուին առաջին անգամ ըլլալով եւ կը հաստատեն 1915ի Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Իսկ վերապրածներու վկայութիւնները կը հաստատեն, որ թուրքերու կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը նախապէս ծրագրուած եղած է պետականօրէն: Նկարահանումները իրականացուած են Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ:
Ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 8ին, Գահիրէի մէջ: