­altՏիգ­րա­նա­կեր­տիՏիար­պե­քիր) մէջ մա­հա­ցած է քա­ղա­քի ա­մե­նա­տա­րեց հա­յե­րէն մէ­կը` Սար­գիս Է­քեն: Էր­քեն բնա­կած է Տիգ­րա­նա­կեր­տի Սուր շրջա­նին մէջ, ուր դեռ կը շա­րու­նա­կո­ւի պա­րէ­տա­յին ժա­մի դրու­թիւ­նը: 25 օր ա­ռաջ կտրուկ վա­տա­ցած էր ա­նոր ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը եւ զայն տե­ղա­փո­խած էին վե­րա­կեն­դա­նաց­ման

բա­ժան­մունք: Է­քե­նի կեան­քը հնա­րա­ւոր չէ ե­ղած փրկել, ան մա­հա­ցած է գի­շե­րը: Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ ըն­թա­ցող թուրք-քրտա­կան զի­նեալ բա­խում­նե­րու հե­տե­ւան­քով՝ թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած է ա­սո­րա­կան Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ, այլ ոչ թէ՝ հայ­կա­կան Սուրբ Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

1930 թո­ւա­կա­նին ծնած Սար­գիս Է­քեն 2015 թո­ւա­կա­նի Ապ­րի­լին հար­ցազրոյց տո­ւած էր բրի­տա­նա­կան BBCի թրքա­կան ծա­ռա­յու­թեան` ը­սե­լով, որ իր միակ փա­փա­քը աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թիւնն է: «Ես կ­՝ու­զեմ, որ աշ­խար­հի մէջ խա­ղա­ղու­թիւն ըլ­լայ, բայց ցա­ւօք ա­մէն կողմ պա­տե­րազմ է: Եղ­բայրս, որ Սու­րիոյ Հա­լէպ քա­ղա­քին մէջ կ­՝ապ­րէր, պա­տե­րազմ սկսե­լէն ետք, վա­խե­նա­լով իր կեան­քին հա­մար, Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւած է»,- պատ­մած էր Է­քեն: