Երկուշաբթի՝ 18 Յունուար 2016ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Համագումարը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Օսքար Քանթու Եպիսկոպոսին: Պատուիրակութեան մաս կազմած են Համագումարի Արդարու
թիւն եւ Խաղաղութիւն գրասենեակին տնօրէնը` դոկտ. Սթեֆըն Քոլեքի եւ Կաթողիկէ Նպաստի Ծառայութիւններ կազմակերպութեան Լիբանանի գրասենեակի պատասխանատուն Տէյվիտ Պեռնոքի:
Վեհափառ Հայրապետին հետ պատուիրակութեան հանդիպումը տեղի ունեցած է Միջին Արեւելքի զանազան շրջաններ Համագումարի այցելութեան ծիրին մէջ, որուն աւարտին պատուիրակութիւնը իր տեղեկագիրները պիտի ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդին եւ Ծերակոյտին:
Վեհափառ Հայրապետը յայտնած է, որ Սեպտեմբեր 2014ին նախագահ Օպամայի հետ հանդիպման ընթացքին, հինգ պատրիարքներուն անունով իրենց մտահոգութիւնները արտայայտած է Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակին ու յատկապէս քրիստոնեաներուն ունեցած դժուարութիւններուն մասին: Ապա՝ Վեհափառ Հայրապետը, վերլուծելով Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակը, շեշտած է քրիստոնէութեան ներկայութեան կարեւորութիւնը, իբրեւ շրջանի ընկերութեան հիմնական տարրերէն մէկը եւ հաստատած է, որ բոլոր եկեղեցիները իրենց գերագոյն ճիգը կը թափեն իրենց զաւակներուն անվտանգութիւնն ու շրջանին մէջ գոյատեւումը ապահովելու համար: Արամ Ա. նշած է, որ միջազգային ընկերութիւնը եւս այս ուղղութեամբ աշխատանք պէտք է տանի:
Անդրադառնալով ծայրայեղականներու ծաւալած ահաբեկչութեան երեւոյթին` Արամ Ա. Կաթողիկոս զայն որակած է համաշխարհային վտանգ, որ ո՛չ ցեղային, ո՛չ կրօնական եւ ո՛չ ալ համայնքային պատկանելութեանց միջեւ սահման կամ խտրութիւն կը դնէ: Ահաբեկչութեան հետեւանքները ամբողջ աշխարհին վրայ իրենց ժխտական անդրադարձը կ՛ունենան, հետեւաբար Մ.Ա.Կ. եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններ պէտք է լուծումներու մասին մտածեն:
Վեհափառ Հայրապետը վերջապէս արտայայտուած է Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները առանց յապաղումի կատարելու անհրաժեշտութեան մասին` յիշեցնելով, որ Լիբանանի քրիստոնեայ նախագահի պաշտօնը կարեւոր է, որովհետեւ կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքի մէջ բոլոր քրիստոնեաները:
Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանած է իրեն ուղղուած հարցումներուն: Իսկ պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնած են Վեհափառ Հայրապետին՝ իր կատարած վերարժեւորումներուն, վերլուծումներուն, իրապաշտ մօտեցումներուն եւ լուսաբանիչ տեղեկութիւններուն համար: