altՅու­նո­ւար 13ին, Ս­վա­զի­լեն­տի թա­գա­ւոր Մ­սո­ւա­դի 3րդը հայ­կա­կան Սուրբ Յա­րու­թիւն մա­տու­ռը եւ վան­քա­պատ­կան հո­ղե­րը պաշ­տօ­նա­պէս փո­խան­ցած է Էջ­միա­ծի­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Hayernaysor.am:

 

 

Մէկ տա­րի ա­ռաջ հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Ս­վա­զի­լեն­տի թա­գա­ւոր Մ­սո­ւա­դի 3րդին ներ­կա­յա­ցու­ցած էին խնդրա­գիր` Սուրբ Յա­րու­թիւն ե­կե­ղե­ցին Էջ­միա­ծի­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին փո­խան­ցե­լու մա­սին:

Հի­մա ար­դէն Ս­վա­զի­լեն­տի հայ­կա­կան մա­տու­ռը ի­րա­պէս դար­ձաւ հայ­կա­կան եւ այ­սու­հետ օ­րէն­քով կը պատ­կա­նի Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան:

Հե­ռա­ւոր ափ­րի­կեան թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին յայտ­նո­ւած է բա­ցա­ռա­պէս վեր­ջերս` 1989 թո­ւա­կա­նին, շնոր­հիւ Գ­րի­գո­ր Դեր­բե­լեա­նի:

Ս­վա­զի­լեն­տի քա­ղա­քա­ցի Գ­րի­գոր Դեր­բե­լեան ծնած է 1914 թո­ւա­կա­նին, Այն­թապ: Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ Գ­րի­գո­րի մայ­րը, 20 օ­րե­կան տղան գիր­կը, ոտ­քով կը հաս­նի ա­մու­սի­նի մօտ` Գա­հի­րէ, իսկ քա­նի մը ա­միս անց կը մա­հա­նայ: Ա­ւար­տե­լով Գա­հի­րէի ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նը` Գ­րի­գոր 12 տա­րի կ­՝աշ­խա­տի Խար­թու­մի մէջՍու­տան), ուր այդ ժա­մա­նակ կը գոր­ծէր բա­ւա­կան մե­ծա­թիւ հայ հա­մայնք: Այ­նու­հե­տեւ կը սկսի աշ­խա­տիլ Եո­հա­նես­պուր­կի մէջՀա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէի Հան­րա­պե­տու­թիւնՀ.Ա.Հ.)` Olivetti ըն­կե­րու­թեան մէջ:

Մօտ 60 հո­գի նո­ւի­րատ­ւու­թիւն կա­տա­րած են մա­տու­ռի կա­ռուց­ման հա­մար, նոյն­պէս Olivetti ըն­կե­րու­թիւ­նը, ուր եր­կար տա­րի­ներ աշ­խա­տած է Գ­րի­գոր: Հե­տաքրք­րա­կան է, որ մա­տու­ռի յետ­նա­մա­սը յե­նո­ւած է մեծ քա­րի վրայ, որ կը ծա­ռա­յէ իբ­րեւ խո­րան, ինչ­պէս Հա­յաս­տա­նի Սուրբ Գե­ղարդ ե­կե­ղե­ցին: Այ­սօր ափ­րի­կեան փոքր թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ կը գոր­ծէ փոք­րիկ հայ հա­մայնք մը` ըն­դա­մէ­նը 8 մարդ: