Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ համալսարանի երկարամեայ դասախօսներէն փրոֆ. Էն Գարակէօզեան նշանակուած է Ուսումնասիրական Հարցերու ժամանակաւոր փոխ-տնօրէն։ Այս մասին կը հաղորդէ Ա.Մ.Ն.ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։ Փրոֆ. Էն Գարակէօզեան 1982էն ի վեր
անդամ է համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժանմունքի անձնակազմին, ինչպէս նաեւ համալսարանի ուժանիւթային ուսումնասիրութեանց տարրալուծարանի ղեկավարն է եւ վարիչը՝ համալսարանին ու Միացեալ Նահանգներու օդուժին միացեալ մէկ ծրագիրը հանդիսացող Օդանաւային Գիտութեանց Համագործակցական Կեդրոնի։ Համալսարանէն ներս ան շարք մը այլ պաշտօններ ստանձնած է, իսկ համալսարանէն դուրս իր ստանձնած պաշտօններու շարքին է Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի հոգաբարձուի պաշտօնը։ Փրոֆ. Էն Գարակէօզեան աւարտած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ճարտարագիտութեան բաժանմունքը ու մասնագիտացած է Քալիֆորնիոյ ճարտարագիտութեան հիմնարկին մէջ։