Մոսկուայի Թրեթեակովեան պետական պատկերասրահը 2016 թուականի Յուլիս-Նոյեմբերին, Լոնտոնի Դիմանկարներու Ազգային Պատկերասրահին եւ Վատիկանի թանգարանին հետ, պիտի կազմակերպԷ Յովհաննէս Այվազովսկիի 200ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս, ուր պիտի ներկայացուին նկարիչի առաւել նշանակա լի
կտաւները, ներառեալ` «Ծիածանը» եւ «Սեւ ծովը»` Թրեթեակովեան պատկերասրահէն, ինչպէս նաեւ «Իններորդ ալիքը» եւ «Ալեկոծութիւնը»` ռուսական թանգարանէն: Ընդամէնը ցուցադրութեան ներկայացուած կ’ըլլան Այվազովսկիի հարիւր կտաւներ եւ 50 գծագրեալ ստեղծագործութիւններ, ներառեալ աւելի վաղ երբեք չցուցադրուած «Կովկասի ափերուն մօտ» կտաւը։ Այս մասին, ըստ Artsakhpress.amի, յայտնած է TASS լրատու գործակալութիւնը։