altՊարս­կա­լե­զու «Ա­զար­հիա.օրկ» կայ­քը Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին Ի­րա­նի կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին ցու­ցա­բե­րո­ւած ա­ջակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ տե­սա­նիւթ մը հրա­պա­րա­կած է: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Panorama.am: Հ­րա­պա­րա­կուած տե­սա­նիւ­թին մէջ կ­՛ե­րե­ւի, որ Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Յե­ղա­փո­խու­թեան Պա­հա­պան­նե­րու Ջո­կա­

տի (Ի.Յ.Պ.Ջ.) նախ­կին զօ­րա­վար Ման­սուր Հա­ղի­ղաթփուր զի­նո­ւո­րա­կան հա­մազ­գես­տով կանգ­նած է Ատրպէյ­ճա­նի նախ­կին նա­խա­գահ Հէյ­տար Ա­լիե­ւի կող­քը եւ կը հե­տե­ւի ատր­պէյ­ճան­ցի զի­նո­ւոր­նե­րու ռազ­մաու­սում­նա­կան վար­ժու­թիւնն­նե­րուն: Տե­սա­նիւ­թի մէկ այլ հա­տո­ւա­ծին մէջ Հա­ղի­ղաթ­փուր ե­լոյթ կ­՛ու­նե­նայ ատր­պէյ­ճան­ցի զինո­ւոր­նե­րուն առ­ջեւ: «­Վեր­ջին շրջա­նին ատր­պէյ­ճան­ցի պաշ­տօ­նեա­նե­րը կը ժխտեն Լ.Ղ. պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին Ի­րա­նի կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին ցու­ցա­բե­րո­ւած ա­ջակ­ցու­թեան մա­սին լու­րե­րը, սա­կայն յա­ռա­ջի­կա­յին Ի­րա­նի ցու­ցա­բե­րած ա­ջակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ այլ փաս­տեր եւս պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին»,- կը նշէ ի­րա­նա­կան աղ­բիւ­րը:

Ն­շենք, որ Ման­սուր Հա­ղի­ղաթ­փուր ներ­կա­յիս Ի­րա­նի խորհր­դա­րա­նի ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցե­րով յանձ­նա­ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահն է: Հա­ղի­ղաթ­փուր իր հար­ցազ­րոյց­նե­րէն մէ­կուն ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րած է, որ Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ ե­ղած է Հէյ­տար Ա­լիե­ւի յա­տուկ խորհր­դա­կա­նը: Մին­չեւ պատ­գա­մա­ւոր ընտ­րո­ւի­լը` Ման­սուր Հա­ղի­ղաթ­փուր կը զբա­ղեց­նէր Ար­տա­պի­լի նա­հան­գա­պե­տի պաշ­տօ­նը:

Յի­շեց­նենք, որ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Սիա­ւուշ Նով­րու­զով վեր­ջերս յայ­տա­րա­րած էր, թէ ի­րան­ցի խորհր­դա­րա­նա­կա­նին դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ քրէա­կան գործ յա­րու­ցո­ւած է: Նով­րու­զով Հա­ղի­ղաթ­փու­րի մե­ղադ­րած է Ղա­րա­բա­ղեան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ Հա­յաս­տա­նին Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րուն վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն հա­ղոր­դե­լու մէջ: