Բ­րի­տա­նա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր The Times թեր­թը յօ­դո­ւած հրա­տա­րա­կած է ­Տիգ­րա­նա­կեր­տիՏիար­պե­քիր) հին հայ­կա­կան Սուրբ Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կայ վի­ճա­կին վե­րա­բե­րեալ` պատ­մե­լով, թէ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող պայ­թիւն­ներն ու ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ինչ­պէ՞ս կը վնա­սեն պատ­մա­կան հայ­կա­կան կո­թո­ղին: Ըստ Armenpress.amի՝ The Timesի լրագ­րող Հա­նա Լու­սին­տա Ս­միթ խօ­սած է ե­կե­ղեց­ւոյ խոր­հուր­դի ղե­կա­վար Գա­ֆուր Թուր­քա­յի հետ, որ ներ­կա­յա­ցու­ցած է, թէ ո­րո­տա­ցող պայ­թիւն­նե­րը ինչ­պէ՞ս կը վնա­սեն ե­կե­ղեց­ւոյ: Լ­րագ­րո­ղը նշած է, որ հայ­կա­կան Սուրբ Կի­րա­

կոս ե­կե­ղե­ցին փա­կո­ւած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն յե­տոյ եւ վե­րա­բա­ցո­ւած միայն 2011ին: Գա­ֆուր Թուր­քա­յը գան­գա­տած է, որ երբ Տիգ­րա­նա­կեր­տի Սուր թա­ղա­մա­սին մէջ, ուր տե­ղա­կա­յո­ւած է ե­կե­ղե­ցին, յայ­տա­րա­րո­ւած է կրակ­մար եւ շրջա­գա­յու­թեան ար­գել­քը, ի­րենք չեն կրցած եր­թալ Սուրբ Կի­րա­կոս եւ տես­նել, թէ ե­կե­ղե­ցին որ­քա՞ն վնա­սո­ւած է: The Timesի մէջ հրա­պա­րա­կո­ւած յօ­դո­ւա­ծին հե­ղի­նա­կը նշած է, որ ժա­մա­նա­կա­կից Թուր­քիոյ հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րու բնա­կիչ հա­յե­րը 1915 թո­ւա­կա­նի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած­նե­րու ժա­ռան­գորդ­ներն են: «­Պատ­մու­թեան մէջ ա­սի­կա դրո­ւագ մըն է, որ կը շա­րու­նա­կէ տրաւ­մա­յի (մտա­տան­ջու­թեան) են­թար­կել եւ բաժ­նել եր­կի­րը: Ս­պա­նու­թիւն­նե­րու մեծ մա­սը ի­րա­կա­նա­ցած է քիւրտ զի­նո­ւոր­նե­րու կող­մէ` օս­մա­նեան զօ­րա­վար­նե­րու հրա­մա­նով»,- պատ­մած է լրագ­րող Լու­սին­տա Ս­միթ` նշե­լով, որ ո­րոշ քրտա­կան ըն­տա­նիք­ներ, վերց­նե­լով հայ ե­րե­խա­ներ, ա­նոնց մեծ­ցու­ցած են իբ­րեւ իս­լամ­ներ: Սա­կայն մեր օ­րե­րուն ա­նոնց ժա­ռան­գորդ­նե­րը՝ յայտ­նա­բե­րե­լով, որ հա­յեր են, վե­րա­դար­ձած են ի­րենց քրիս­տո­նէա­կան ար­մատ­նե­րուն: