altՀա­լէ­պի մէջ սով չկայ, մար­դիկ շուն եւ կա­տու չեն ու­տեր, պար­զա­պէս ահ­ռե­լի գնաճ է եւ ծանր պայ­ման­ներ: Այս մա­սին, ըստ Tert.amի, յայտ­նած է Հա­լէ­պի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի մամ­լոյ բան­բեր Ժի­րայր Ռէ­յի­սեան` անդ­րա­դառ­նա­լով այն տե­ղե­կու­թեան, ըստ ո­րոնց Սու­

րիոյ մէջ մար­դիկ ստի­պո­ւած են խոտ, շուն, կա­տու ու­տել` ողջ մնա­լու հա­մար:

«Այլ շրջան­նե­րու մէջ տի­րող վի­ճա­կին մա­սին չեմ կրնար խօ­սիլ, սա­կայն Հա­լէ­պի մէջ նման վի­ճակ չկայ, խա­նութ­նե­րէն ա­մէն տե­սա­կի սնունդ կա­րե­լի է գնել, ե­թէ գու­մա­րը վճա­րե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նե­նաս»,- ը­սած է Ժի­րայր Ռէ­յի­սեան` յստա­կեց­նե­լով, որ Սու­րիոյ մէջ սար­սա­փե­լի գնաճ կայ եւ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ստեղ­ծո­ւած են դժո­ւար տնտե­սա­կան պայ­ման­ներ:

«Եւ այդ պատ­ճա­ռով բա­րե­սի­րա­կան բազ­մա­թիւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ ի­րենց օգ­նու­թիւ­նը չեն զլա­նար»,- ը­սած է Հա­լէ­պի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի մամ­լոյ բան­բե­րը:

Ի պա­տաս­խան այն հար­ցու­մին, թէ ռու­սա­կան ռմբա­կո­ծու­թիւն­նե­րէն ետք ի՛նչ տրա­մադ­րու­թիւն­ներ կը տի­րեն 5ա­մեայ քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի մէջ գտնո­ւող սու­րիա­հա­յու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ, կը շա­րու­նա­կե՞ն լքել գա­ղու­թը, թէ՞ կը վե­րա­դառ­նան, Ժի­րայր Ռէ­յի­սեան ը­սած է, որ ա­մէն մէ­կը ինք կ­՛ո­րո­շէ. կան մար­դիկ, ո­րոնք վե­րա­դար­ձած են ու կը վե­րա­դառ­նան, կան ու­րիշ­ներ, ո­րոնք կը լքեն նոյ­նիսկ հի­մա: