Ալ­պա­նիոյ մայ­րա­քա­ղաք Թի­րա­նա­յի մէջ բա­ցո­ւած է Հա­յաս­տա­նի պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տո­սու­թիւն: Այս մա­սին, ըստ Armenpress.amի, յայտ­նած է Ալ­պա­նիոյ հե­ռագ­րա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը:

Թի­րա­նա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թեան ընթացքին ներ­կա­յա­ցո­ւած է Ալ­պա­նիոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տո­սը` Վա­րու­ժան Փի­րա­նեա­նը: Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ժա­մա­նակ Փի­րա­նեան նշած է, որ պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տո­սու­թիւ­նը կա­րե­ւոր դեր կու­նե­նայ տնտե­սա­կան, ա­ռեւտ­րա­փո­խա­նա­կու­թեան, մշա­կու­թա­յին, զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լորտ­նե­րուն մէջ՝ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հար­ցով:

Նո­րան­շա­նակ պա­տո­ւոյ դես­պա­նը խօ­սած է նաեւ Ալ­պա­նիոյ հայ հա­մայն­քին մա­սին, որ թէեւ փոք­րա­թիւ է` 30-35 հայ ըն­տա­նիք, այ­դու­հան­դերձ ա­նոնք պահ­պա­նած են բո­լոր ա­ւան­դոյթ­ներն ու հայ լե­զուն: «Ն­րանք Ալ­պա­նիա­յում գտան ի­րենց երկ­րորդ տու­նը եւ կա­րո­ղա­ցան հեշ­տու­թեամբ հա­մար­կո­ւել տե­ղի հա­սա­րա­կու­թեա­նը, ին­չի հա­մար միշտ շնոր­հա­կալ են ե­ղել ու կը լի­նեն այս երկ­րին»,- նշեց Փի­րա­նեան: Ալ­պա­նիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Գա­գիկ Ղա­լա­չեան (նստա­վայ­րը` Ա­թէնք) շնոր­հա­ւո­րած է Վա­րու­ժան Փի­րա­նեա­նը ա­նոր նշա­նակ­ման ա­ռի­թով` հա­մոզ­մունք յայտ­նե­լով, որ վեր­ջինս ջանք ու ե­ռանդ չի խնա­յեր հայ-ալ­պա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ընդ­լայն­ման հար­ցին մէջ: