altՖ­րան­սա­յի ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Խոր­հուր­դը մեր­ժած է ­Հո­լո­քոս­թի ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րէն­քը հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան ճանչ­նա­լու հայ­ցը: ­Տե­ղե­կու­թիւ­նը «Ար­մէնփ­րես»ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին հաս­տա­տած է Ֆ­րան­սա­յի ­Ռոն-Ալ­պի տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին պատ­գա­մա­ւոր ­Հիլ­տա ­Չո­պո­յեան: «Այդ օ­րէն­քէն օգ­տո­ւե­լով` թրքա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը կ­՚ու­զէին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­

նա­չու­մը խնդրոյ ա­ռար­կայ դարձնել Ֆ­րան­սա­յի օ­րէն­քով ու ա­տի­կա, փաս­տօ­րէն, չի­րա­կա­նա­ցաւ»,- ը­սած է ­Հիլ­տա ­Չո­պո­յեան:

­Վե­րոն­շեալ հայ­ցի բա­ւա­րար­ման պա­րա­գա­յին թրքա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը կը ձգտէին հաս­նե­լու 2001 թո­ւա­կա­նին Ֆ­րան­սա­յի կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւը չե­ղեալ հա­մա­րե­լու քայ­լին: ­Հար­ցին ի պա­տաս­խան, թէ ար­դեօք այս մեր­ժու­մը ո­րե­ւէ ա­ռու­մով ճա­նա­պարհ կը բա­նայ Ֆ­րան­սա­յի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րի­նա­գի­ծը ըն­դու­նե­լու հա­մարՀիլ­տա ­Չո­պո­յեան պա­տաս­խա­նած է.- «Ո՛չ, քա­նի որ հրեա­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րէն­քը հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան չճանչ­նա­լու պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեան մէջ յստա­կօ­րէն դրո­ւած է այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ հրեա­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ի տար­բե­րու­թիւն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի եւ ֆրան­սա­կան դա­տա­րա­նին կող­մէ ճանչ­ցո­ւած է որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն: Այս տար­բե­րու­թիւնն է, որ պէտք է յաղ­թա­հա­րել յա­ջորդ ա­միս­նե­րուն: Իմ կար­ծի­քով՝ շատ ա­ւե­լի ման­րակր­կիտ գոր­ծու­նէու­թիւն կը պա­հան­ջէ սա: ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան խնդի­րը պէտք է դրո­ւի դա­տա­րա­նի առ­ջեւ, ո­րուն պէտք է յա­ջոր­դէ այդ դա­տա­րա­նին կող­մէ ա­նոր դա­տա­պար­տու­մը»:

Ա­նոր կար­ծի­քով` հայ­կա­կան կող­մը կրնայ ո­րո­շա­կի պա­րա­գա­ներ գտնել ու ֆրան­սա­կան դա­տա­րան­նե­րուն մէջ յա­ջո­ղու­թեան հաս­նիլ: «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտման քրէա­կա­նա­ցու­մը մեր­ժուած է, ո­րով­հե­տեւ մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րա­նին կող­մէ ճանչ­ցո­ւած չէ, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մը նկա­տի կառնուի միայն այն պա­րա­գա­յին, երբ մի­ջազ­գա­յին կամ ֆրան­սա­կան ո­րե­ւէ դա­տա­րան զայն ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ո­րա­կէ»,- ա­ւել­ցու­ցած է ­Հիլ­տա ­Չո­պո­յեան: