Ե­րեք­շաբ­թի՝ 5 Յու­նո­ւար 2016ի ա­ռա­ւօ­տուն, Ա­րամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին այ­ցե­լեց Լի­բա­նա­նի մօտ Պա­պա­կան Նո­ւի­րակ Կապ­րիէլ Քա­չիա Ե­պիս­կո­պոս եւ յանձ­նեց, Հա­յոց Ծնն­դեան տօ­նին ա­ռի­թով, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ յայտ­նող Ֆ­րան­սիս Պա­պին նա­մա­կը: Պա­պա­կան Նո­ւի­րա­կը Ա­րամ Ա. Կա­ թո­ղի­կո­սին փո­խան­ցեց նաեւ Վա­տի­կա­նի գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:

Այս ա­ռի­թով՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը իր գնա­հա­տանքն ու շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով, հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար դա­տին նկատ­մամբ ընդ­հան­րա­պէս Վա­տի­կա­նի ու յատ­կա­պէս Ֆ­րան­սիս Պա­պի ցու­ցա­բե­րած ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար:

Ա­պա՝ խորհր­դակ­ցու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցաւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի նոր զար­գա­ցում­նե­րուն եւ այդ ծի­րէն ներս Ի­րա­նի եւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ մի­ջեւ յա­ռա­ջա­ցած լա­րո­ւա­ծու­թեան վրայ: Անհ­րա­ժեշտ նկա­տո­ւե­ցաւ, որ ա­մէն գնով ա­ռաջ­քը առ­նո­ւի այս լա­րո­ւա­ծու­թեան ա­ռա­ւել բար­դաց­ման, ո­րուն հե­տե­ւանք­նե­րը կրնան ըլ­լալ ժխտա­կան՝ ամ­բողջ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն ներս: Նաեւ քննար­կո­ւե­ցաւ Լի­բա­նա­նի ներ­քին կա­ցու­թիւ­նը եւ յատ­կա­պէս նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցը: Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ա­ռա­ջար­կեց Պա­պա­կան Նո­ւի­րա­կին, որ Վա­տի­կա­նի ա­նու­նով քա­ղա­քա­կան կողմե­րուն հետ հան­դի­պում­ներ ու­նե­նայ՝ թե­լադ­րե­լով, որ հե­ռու պա­հեն Լի­բա­նա­նը շրջա­նա­յին հար­ցե­րէն եւ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն ըն­ծա­յեն նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան: