­Բա­ցո­ւող ­Նոր ­Տա­րո­ւան դի­մաց՝ հա­մա­հայ­կա­կան չորս ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ

(Խ­տա­ցու­մը Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի 2016 տա­րո­ւան անդ­րա­նիկ պատ­գա­մին, տրո­ւած՝ ­Վե­հա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ, Ա­մա­նո­րի ­Պա­տա­րա­գէն ետք, 1 ­Յու­նո­ւար 2016ին)։

­Նոր ­Տա­րին նկա­տո­ւած է հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան ու, միա­ժա­մա­նակ, մեր կեան­քի յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րո­ւա­նը ծրագ­րե­լու եւ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը ճշդե­լու ա­ռիթ։ Այ­սօր, երբ 2015 թո­ւա­կա­նը այ­լեւս կը դառ­նայ ան­ցեալ եւ կը դի­մա­ւո­րենք 2016 թո­ւա­կա­նը, անհրա­ժեշտ է որ ճշդենք բա­ցո­ւող նոր տա­րո­ւան ըն­թաց­քին մեր ազ­գի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ­Մեր հա­յե­ցո­ղու­թեամբ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ պէտք է ա­ռանց­քա­յին տեղ գրա­ւեն։

Այս հա­յե­ցա­կէ­տով, ­Մենք կ’ու­զենք հա­կիրճ կեր­պով մատ­նան­շել չորս բնա­գա­ւառ­ներ.-

Ա.) 2015 տա­րին հայ ժո­ղո­վուր­դի ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան մէջ վստա­հա­բար պի­տի ար­ձա­նագ­րո­ւի որ­պէս մեր պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րին մէջ յատ­կան­շա­կան ի­րա­գոր­ծում­ներ ար­ձա­նագ­րած տա­րի մը։ Անց­նող տա­րո­ւան ըն­թաց­քին միաս­նա­կամ ո­գիով ու ա­մուր վճռա­կա­մու­թեամբ ո՛չ միայն ար­ժա­նի յար­գան­քով նշե­ցինք ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կը, ո՛չ միայն մեր մէ­կու­կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րը սրբա­դա­սե­ցինք, այլ նաեւ մեր ազ­գի պայ­ծառ ա­պա­գա­յին նկատ­մամբ մեր հա­ւատ­քը ա­ւե­լի՛ խո­րա­ցու­ցինք ու մեր պա­հան­ջա­տի­րա­կան կամ­քը ա­ւե­լի՛ պրկե­ցինք։

Ի՞նչ պէտք է ը­նենք 100ա­մեա­կէն յե­տոյ։

­Ճի՛շդ է, 100ա­մեա­կը որ­պէս թո­ւա­կան ան­ցեա­լին կը պատ­կա­նի այ­լեւս. սա­կայն 100ա­մեա­կէն ե­կող ո­գին, հա­ւատ­քը, կամ­քը, յանձ­նա­ռու­թիւ­նը ի խնդիր մեր ժո­ղո­վուր­դի ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­տի­րաց­ման, պէտք է շա­րու­նա­կո­ւի նոր մղու­մով, ա­ւե­լի լայն տա­րո­ղու­թեամբ ու միշտ միաս­նա­կան ճի­գով։ ­Հե­ռու ա­մէն տե­սակ ձե­ւա­կան ու քա­րոզ­չա­կան մօ­տե­ցում­նե­րէ, հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար դա­տի հե­տապըն­դու­մը պէտք է ա­ռա­ջին հեր­թին դրո­ւի ա­ւե­լի կազ­մա­կերպ հու­նի մէջ՝ ներ­կայ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու հա­մա­հունչ ռազ­մա­վա­րա­կան ու մար­տա­վա­րա­կան նոր մօ­տե­ցում­նե­րու որ­դեգ­րու­մով։ Եւ երկ­րորդ, անհը­րա­ժեշտ է մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը ի­րա­ւա­կան ըն­թաց­քի մէջ դնել՝ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի տո­ւեալ­նե­րու լոյ­սին տակ, ու­սում­նա­սի­րո­ւած ու ծրագ­րո­ւած կեր­պով։ Ե­թէ այս աշ­խա­տան­քին չլծո­ւինք, 100ա­մեա­կի ստեղ­ծած ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քին մօտ մեր դա­տին նկատ­մամբ յա­ռա­ջա­ցած հե­տաքրք­րու­թիւ­նը շու­տով պի­տի նո­ւա­ղին։

Բ.) 2016 տա­րին 25ա­մեակն է ­Հա­յաս­տա­նի երկ­րորդ ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման։ Այս կարճ ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի ըն­թաց­քին հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դին, ինչ­պէս նաեւ բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րու եւ Ս­փիւռ­քին կող­մէ հսկայ գործ կա­տա­րո­ւե­ցաւ թէ՛ ­Հա­յաս­տա­նէն ներս եւ թէ ­Հա­յաս­տա­նին հա­մար։ Ար­դա­րեւ, տնտե­սու­թեան զար­գա­ցու­մը, ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշա­կու­մը, մի­ջազ­գա­յին կա­պե­րու հաս­տա­տու­մը, ­Հա­յաս­տա­նի բա­նա­կին կազ­մա­կեր­պու­մը, ­Ղա­րա­բա­ղի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը ու ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ամ­րա­ցու­մը եւ այլ բազ­մա­թիւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ մե­ծա­պէս նպաս­տե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու ամ­րաց­ման։

­Սա­կայն, կա­տա­րո­ւած ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն ա­ռըն­թեր, հարկ է ի­րա­պաշտ մօ­տե­ցու­մով նաեւ քա­ջու­թիւնն ու ի­մաս­տու­թիւ­նը ու­նե­նանք թե­րա­ցում­նե­րը ճիշդ տես­նե­լու ու զա­նոնք ան­կեղ­ծօ­րէն մատ­նան­շե­լու։ Այս ծի­րէն ներս՝ ար­տա­գաղ­թը մեր հայ­րե­նի­քին գո­յու­թեան ու յա­րա­տե­ւու­թեան կռո­ւան­նե­րուն ուղ­ղո­ւած մե­ծա­գոյն հա­րո­ւածն է, եւ մեր ազ­գին մարմ­նին վրայ կոտ­տա­ցող սար­սա­փազ­դու վէրք մը. իսկ ­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան պար­զած վա­տա­ռողջ վի­ճա­կը ինչ­պէս նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս բա­րո­յա­կան ու ո­գե­ղէն ար­ժէք­նե­րու լու­սանց­քայ­նա­ցու­մը այ­լա­պէ՛ս լուրջ մտա­հո­գու­թիւն­ներ են։ Այս վէր­քե­րուն դար­մա­նու­մը հրա­մա­յա­կան է ու ան­յե­տաձ­գե­լի։ ­Հայ­րե­նի­քը կը բար­գա­ւա­ճի թե­րու­թիւն­նե­րը սրբագ­րե­լով, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր ա­ռա­ւել հզօ­րաց­ման իր բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Գ.) ­Հա­յաս­տա­նի ու ­Ղա­րա­բա­ղի հզօ­րա­ցու­մը կ’են­թադ­րէ նաեւ Ս­փիւռ­քի հզօ­րա­ցու­մը, եւ՝ փո­խա­դար­ձա­բար։ ­Սո­վո­րա­կան կար­գա­խօս մը չէ այս։ Ան կ’են­թադ­րէ տար­բեր գոր­ծե­լա­կերպ՝ իր խոր­քով, ո­ճով ու նպա­տա­կով թէ՛ ­Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Ս­փիւռ­քի կող­մէ։

Դժ­բախ­տա­բար Ս­փիւռ­քը այ­սօր կը պար­զէ բազ­մա­մարդ, բազ­մա­գոյն, բազ­մա­տե­սակ ու լայ­նա­տա­րած պատ­կեր մը։ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած Ս­փիւռ­քը իր յստակ նկա­րա­գի­րը ու­նէր։ Այ­սօր, սա­կայն, փաս­տօ­րէն հայ­կա­կան սփիւռք­ներ գո­յա­ւո­րո­ւած են եւ Ս­փիւռ­քը տեղ մը ան­տար­բե­րու­թեան, այլ տեղ մը պա­տա­հա­կա­նու­թեան կամ ա­նո­րո­շու­թեան ա­լիք­նե­րու քմայ­քին յանձ­նո­ւած է։ Արդ, ե­թէ Ս­փիւռ­քը չվե­րա­կազ­մա­կեր­պո­ւի եւ ա­նոր կեան­քի վախ­ճա­նա­կան ըն­թաց­քը դէ­պի հայ­րե­նիք չհու­նա­ւո­րո­ւի, ինք­զինք դէմ յան­դի­ման պի­տի գտնէ պղտոր ա­պա­գա­յի մը։ Եւ որ­պէս­զի Ս­փիւռ­քը այս ճա­կա­տագ­րին չեն­թար­կո­ւի, Ս­փիւռ­քի ամ­բող­ջա­կան ու լուրջ վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ա­ռըն­թեր, ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք ձե­ւա­կան դար­ձած գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պէտք է դրո­ւի ա­ռողջ ու ա­մուր հի­մե­րու վրայ եւ յստակ ուղ­ղու­թեան մէջ, փո­խա­դարձ սպա­սում­նե­րու եւ դե­րե­րու յստա­կա­ցու­մով։

­Հա­յաս­տա­նի ու ­Ղա­րա­բա­ղի ներ­քին կեան­քին առն­չո­ւած ծրա­գիր­նե­րու պա­րա­գա­յին, բնա­կա­նա­բար Ս­փիւռ­քը մաս­նակ­ցո­ղի դե­րին մէջ պէտք է ըլ­լայ։ ­Սա­կայն, ճիշդ չէ որ հա­մա­հայ­կա­կան ծրա­գիր­նե­րու մշակ­ման մէջ Ս­փիւռ­քը սոսկ հե­տե­ւո­ղի կրա­ւո­րա­կան դե­րին մէջ ըլ­լայ։ ­Հա­յաս­տան ու Ս­փիւռք, որ­պէս մէկ ազ­գի եր­կու գլխա­ւոր միա­ւոր­նե­րը հա­մա­հա­ւա­սար կեր­պով, որ­պէս գոր­ծա­կից ու լծա­կից պէտք է մաս­նակ­ցին հա­մա­հայ­կա­կան բնոյթ ու նպա­տակ ու­նե­ցող աշ­խա­տանք­նե­րուն։ ­Սա լոկ ի­րա­ւուն­քի հարց չէ, այլ ազ­գա­շի­նու­թեան ու հայ­րե­նա­շի­նու­թեան հա­մա­հայ­կա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ Ս­փիւռ­քը ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով ներգ­րա­ւե­լու ա­մէ­նէն ազ­դու մի­ջոցն է՝ եւ ո՛չ թէ այ­լեւս սո­վո­րա­կան դար­ձած այլ կեր­պե­րու կի­րա­ռու­մը։

­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան քսա­նը­հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ձեռք ձգուած փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, իր դրա­կան թէ բա­ցա­սա­կան ե­րես­նե­րով, սպա­սե­լի է որ լուրջ քննար­կու­մի են­թար­կո­ւի, ուր ը­սե­լիք­նե­րու կող­քին պէտք է նաեւ ծրագ­րո­ւին մեր ը­նե­լիք­նե­րը։

Դ.) Ս­փիւռ­քի իւ­րա­քան­չիւր գա­ղութ իր իւ­րա­յա­տուկ տեղն ու դե­րը ու­նի մեր հա­մա­հայ­կա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման եւ յատ­կա­պէս Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ։

­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հայ գա­ղութ­նե­րու ծի­րէն ներս ­Սու­րիոյ հայ գա­ղու­թը, որ­պէս հայ­րե­նա­մերձ գա­ղութ, ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի մէջ իր կա­րե­ւոր դե­րը ու­նե­ցած գա­ղութ, եւ տա­կա­ւին՝ մեր ե­կե­ղե­ցա­կան, ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան կեան­քին կա­րե­ւոր ներդ­րում կա­տա­րած գա­ղութ, անհ­րա­ժեշտ է որ մեր ժո­ղո­վուր­դին ու պե­տու­թեան յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան ու հո­գա­ծու­թեան ա­ռար­կան դառ­նայ։

­Վեր­ջին շուրջ չորս տա­րի­նե­րուն այս գա­ղու­թը տա­ռա­պե­ցաւ, բայց չընկ­ճո­ւե­ցաւ. ո­մանք հե­ռա­ցան, սա­կայն գա­ղու­թը մնաց կան­գուն. ո­մանք յու­սա­հա­տե­ցան, սա­կայն շա­տեր ա­մուր հա­ւատ­քով կառ­չած մնա­ցին գա­ղու­թին։ Անց­նող տա­րի­նե­րուն մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը ի­րենց նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ օգ­տա­կար հան­դի­սա­ցան ­Սու­րիոյ մեր գա­ղու­թին։

­Պա­տի՛ւ ի­րենց։

­Կա­րիք­նե­րը տա­կա­ւին բազ­մա­զան են ու այ­լա­զան։ ­Ժա­մա­նա­կը հա­սած է որ ­Սու­րիոյ հայ գա­ղու­թը լծո­ւի վե­րա­կանգ­նու­մի հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տան­քին։ Ս­խալ է ող­բեր­գա­կան պատ­կեր­նե­րով, ան­ճիշդ թի­ւե­րով, միա­կող­մա­նի վեր­լու­ծում­նե­րով ներ­կա­յաց­նել ­Սու­րիոյ հա­յու­թիւ­նը։ Բ­նա­կա­նա­բար, ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան թի­ւը ո­րոշ նո­ւա­զում ար­ձա­նագ­րեց։ ­Սա­կայն, ­Սու­րիոյ գա­ղու­թը հո՛ն է տա­կա­ւին, ­Հա­լէ­պի, ­Գա­միշ­լիի, ­Դա­մաս­կո­սի, ­Քե­սա­պի, ­Թար­թու­սի, ­Հա­սի­չէի եւ այլ գիւ­ղե­րու մէջ։ ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը հա­մազ­գա­յին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն է։ ­Հե­տե­ւա­բար, հրա­մա­յա­կան է նե­ցուկ կանգ­նիլ գա­ղու­թի յա­ռա­ջի­կայ աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Բ­նա­կա­նա­բար ­Հա­յաս­տա­նը, ­Ղա­րա­բա­ղը եւ Ս­փիւռ­քի իւ­րա­քան­չիւր գա­ղութ ի­րենց դի­մաց ու­նին նաեւ այլ կա­րե­ւոր ծրա­գիր­ներ ու անհ­րա­ժեշտ աշ­խա­տանք­ներ։ ­Սա­կայն մատ­նան­շո­ւած չորս մար­զե­րը կը նկա­տենք հա­մա­հայ­կա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ։ Վս­տահ ենք որ այս յանձ­նա­ռու­թեամբ մաս­նա­կից պի­տի դառ­նանք մեր ազ­գը դէ­պի ա­ռա­ւել հզօ­րա­ցում ա­ռաջ­նոր­դող ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­գործ­ման։