­Թուր­քիոյ կող­մէ ռու­սա­կան ռազ­մա­կան օ­դա­նա­ւի կոր­ծա­նու­մէն ետք լարուած ռուս-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը նոր աղմկա­յա­րոյց հար­ցի պատ­ճառ դար­ձած են ­Պուլ­կա­րիոյ մէջ: Պուլ­կա­րիոյ «Ի­րա­ւունք­նե­րու եւ Ա­զա­տու­թիւն­նե­րու ­Շար­ժում» կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գա­հը հե­ռացո­ւած է իր պաշ­տօ­նէն, երբ ռու­սա­կան օ­դա­նա­ւի կոր­ծան­ման հար­ցով ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նած է ­Թուր­քիոյ:

­Կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ, ազ­գու­թեամբ թուրք ­Լու­թո­ւի ­Մես­թա­նի կող­մէ ռու­սա­կան օ­դա­նա­ւի կոր­ծան­ման հար­ցով ­Թուր­քիոյ իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լու վե­րա­բե­րեալ յայ­տա­րա­րու­թեան ըն­թեր­ցու­մը զայ­րա­ցու­ցած է կու­սակ­ցու­թեան պա­տո­ւոյ նա­խա­գահ Ահ­մէտ ­Տո­ղա­նը:

­Վեր­ջինս հրա­ւի­րած է կու­սակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի նիստ եւ հե­ռա­ցու­ցած է ­Մես­թա­նը իր պաշ­տօ­նէն: ­Լու­թո­ւի ­Մես­թան, որ զրկո­ւած է անվը­տան­գու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րէ, ա­պաս­տան խնդրած է ­Սո­ֆիա­յի մէջ ­Թուր­քիոյ դես­պա­նա­տու­նէն եւ իր ե­րե­խա­նե­րուն հետ տե­ղա­փո­խուած է հոն: ­Կը հա­ղոր­դո­ւի, որ խնդրին խառ­նո­ւած է նաեւ ­Թուր­քիոյ վար­չա­պետ Ահ­մէտ ­Տա­ւու­թօղ­լուն, որ զան­գա­հա­րած է ­Պուլ­կա­րիոյ իր պաշ­տօ­նա­կի­ցին ու խնդրած է ա­ջակ­ցիլ ­Մես­թա­նին: ­Պուլ­կա­րիոյ վար­չա­պետ ­Պոյ­քօ ­Պո­րի­սով յայտ­նած է, որ ան ո­րե­ւէ կող­մի պի­տի չա­ջակ­ցի: