Եր­կու­շաբ­թի՝ 28 Դեկ­տեմ­բեր 2015ի ա­ռա­ւօ­տուն, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս, որ­պէս նա­խա­գահ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու Խոր­հուր­դի, իր գրա­սե­նեա­կին մէջ աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ նոյն Խոր­հուր­դի ըն­հա­նուր քար­տու­ղար Հայր Մի­շէլ Ժա­լը­խի եւ փոխ-քար­տու­ղար Տիար Ի­լիաս Հա­լա­պիի, ինչ­պէս

նաեւ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան եւ մար­դա­սի­րա­կան բա­ժան­մունք­նե­րու տնօ­րէն­նե­րուն հետ։

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին լայ­նօ­րէն քննար­կո­ւե­ցան Սու­րիոյ քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րուն կա­տա­րո­ւող մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը ա­ւե­լի կազ­մա­կերպ հի­մե­րու վրայ դնե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը։ Նո­րին Սըր­բու­թիւ­նը թե­լադ­րեց այս ծի­րէն ներս կապ պա­հել Միա­ցեալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դի հետ առն­չո­ւած մար­դա­սի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցող կա­ռոյց­նե­րուն հետ՝ ա­նոնց­մէ ա­պա­հո­վե­լու անհ­րա­ժեշտ օգ­նու­թիւն։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նաեւ թե­լադ­րեց Սու­րիոյ զա­նա­զան շրջան­նե­րուն մէջ յա­ռա­ջաց­նել աշ­խա­տան­քա­յին մար­մին­ներ։

Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ Սու­րիան հանգ­րո­ւա­նա­յին կեր­պով պի­տի ըն­թա­նայ դէ­պի վե­րա­կանգ­նում ու վե­րա­կազ­մա­կեր­պում՝ հե­տե­ւա­բար Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու Խոր­հուր­դը պատ­րաստ պէտք է ըլ­լայ իր ամ­բող­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ըն­ծա­յե­լու քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րուն,- ը­սաւ Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը։

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ար­ծար­ծո­ւե­ցան Խոր­հուր­դին եւ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու Հա­մաշ­խար­հա­յին Խոր­հուր­դին, Վա­տի­կա­նի եւ Միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան այլ մար­մին­նե­րու հետ գոր­ծակ­ցու­թեան առն­չո­ւած հար­ցեր։ Խորհր­դակ­ցու­թեան նիւթ դար­ձան նաեւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու Խոր­հուր­դի յա­ռա­ջի­կայ հա­մա­ժո­ղո­վի պատ­րաս­տու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը։