Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան զօր­քե­րը, ռու­սա­կան օ­դու­ժի ա­ջակ­ցու­թեամբ, վեր­ջին շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին հինգ բնա­կա­վայր ա­զա­տագ­րած են Հա­լէ­պի նա­հան­գին մէջ: «Ար­ցախփ­րես»ի փո­խան­ցու­մով՝ ՌԻԱ Նո­վոս­թի կը փո­խան­ցէ, թէ այս մա­սին Դեկ­տեմ­բեր 25ին լրագ­րող­նե­րուն յայտ­նած Է Ռու­սիոյ զի­նո­ւած ու­ժե­րու գլխա­ւոր սպա­յա­կոյ­տի գլխա­ւոր վար­չու­թեան պետ զօ­րա­վար-գնդա­պետ Սեր­կէյ Ռուտս­քոյ: Մաս­նա­ւո­րա­պէս, կա­ռա­վա­րա­կան զօր­քե­րը այդ նա­հան­գին մէջ կը շա­րու­նա­կեն ընդ­լայ­նել անվ­տան­գու­թեան գօ­տին Նէյ­րապ օ­դա­կա­յա­նի շուր­ջը եւ յար­ձա­կում կը ծա­ւա­լեն հա­րաւ-ա­րեւմ­տեան ուղ­ղու­թեամբ` դէ­պի Իտ­լէպ:

«­Վեր­ջին շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին ա­զա­տագ­րո­ւած է հինգ բնա­կա­վայր»,- ը­սած է Ռուտս­քոյ: Ան նաեւ նշած է, որ սու­րիա­կան զօր­քե­րը ա­նօ­րի­նա­կան զի­նո­ւած կազ­մա­ւո­րում­նե­րու շրջա­պատ­ման օ­ղա­կը կը սեղ­մեն Դա­մաս­կո­սի ա­րո­ւար­ձան­նե­րուն մէջ:

«­Դա­մաս­կո­սի ա­րո­ւար­ձան­նե­րուն մէջ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րը հսկո­ղու­թիւն կը հաս­տա­տեն Մարճ-­Սուլ­թան բնա­կա­վայ­րի նկատ­մամբ՝ սեղ­մե­լով ա­նօ­րի­նա­կան զի­նեալ կազ­մա­ւո­րում­նե­րու շրջա­փակ­ման օ­ղա­կը Նա­շա­պիա, Նու­լա, Տու­մա, Զիպ­տին ուղ­ղու­թիւն­նե­րով»,- ը­սած է ան:

Ռու­սիոյ գլխա­ւոր սպա­յա­կոյ­տի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը յայտ­նած է, որ Սեպ­տեմ­բեր 30էն ի վեր, երբ սկսաւ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը Սու­րիոյ մէջ, ռու­սա­կան օ­դու­ժը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է ա­ւե­լի քան 5,2 հա­զար մար­տա­կան թռիչք: Ի դէպ՝ 145 թռիչք կա­տա­րած են ռազ­մա­վա­րա­կան հրթի­ռա­կիր եւ հե­ռա­ւոր ռմբա­կո­ծիչ օ­դա­նա­ւե­րը: