Տարուան ընթացքին կազմակերպուած ձեռնարկներուն մասնակցութիւնը մեծ եղած է, եւ աւելի քան 2000 սփիւռքահայ երեխայ մասնակցած է նախարարութեան ծրագիրներուն: Հրանոյշ Յակոբեանի գնահատմամբ՝ ներկայ դրութեամբ կառոյցը կը փորձէ կապեր հաստատել նաեւ հեռաւոր համայնքներուն հետ: Առաջին փորձը եղած է Աւստրալիոյ հայ համայնքին հետ, ամանորեայ տօներուն «Ծաղկազարդ» երգչախումբը պիտի մեկնի Քամչատքա համերգներու, յարաբերութիւնները կ՛ամրապնդին նաեւ Գանատայի հայ համայնքին հետ: Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքով՝ կառոյցը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ սփիւռքի դպրոցներու հայոց լեզուի եւ գրականութեան տարածման խնդիրներուն: Այդ նպատակով սփիւռքի 900 ամէնօրեայ եւ միօրեայ դպրոցներուն յատկացուած է 50.000 կտոր գրականութիւն: Նախարարին գնահատումով՝ կառոյցի գերխնդիրը արդէն 3 տարի է կը շարունակէ մնալ սուրիահայերու խնդիրը: Ըստ անոր՝ այս պահուն Հայաստանի մէջ կը բնակի 17 հազար սուրիահայ, որոնցմէ 1800ը դպրոցական, 500ը` ուսանող: 2012-2015 թուականներուն Հ.Հ. քաղաքացիութիւն ստացած է 12.000 սուրիահայ, 1650ը՝ ստացած է յատուկ կացութեան կարգավիճակ: Աշխատանքի խնդրանքով նախարարութիւն դիմած է 2200 սուրիահայ: Աշխատանքի տեղաւորման հարցով նախարարութիւնը համագործակցած է 200 պետական ու հասարակական կազմակերպութիւններու եւ անհատներու հետ: 500է աւելի սուրիահայ աշխատանքի տեղաւորուած է փոքր պիզնեսի մէջ արդէն իսկ կայացած սուրիահայ գործարարներու մօտ: Այս պահուն 1000է աւելի սուրիահայ ընտանիք բնակարանի վարձ կը ստանայ բարեգործական տարբեր կազմակերպութիւններէ:
Սփիւռքի մէջ գործող դպրոցներուն այս տարի բաժանուած է 50.000 հատոր գրականութիւն
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան համար անցնող տարին լի էր ձեռքբերումներով եւ, նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գնահատմամբ, կառոյցի առջեւ դրուած խնդիրներուն մեծ մասը կրցած են լուծել: Նախարարը առաջին հերթին կը շեշտէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկներուն իրականացումը, ուր իր դերակատարութիւնը ունեցած է նաեւ նախարարութիւնը: « Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ 13 գիտական համաժողովներ են կայացել, կատարուել են գիտական հետազօտութիւններ, սփիւռքի բոլոր կառոյցները մասնակցել են միջոցառումներին»,- ըստ «Արցախփրես»ի՝ ըսած է Հ. Յակոբեան: