Պոլսոյ «Ճազայիր» մամլոյ ասուլիսներու եւ համագումարներու յատուկ կեդրոնին մէջ, Դեկտեմբեր 9ին, տեղի ունեցած է Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձման դատին նուիրուած մամլոյ ասուլիս՝ կազմակերպութեամբ դատի յանձնախումբի անդամ թուրք փաստաբաններուն: Մամլոյ ասուլիսին
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցած են Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան (վարիչ՝ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական եւ տեղեկատուական բաժանմունքներու) եւ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան (վարիչ՝ լսատեսողական բաժանմունքի):
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուած են Թուրքիոյ եւ միջազգային մամուլի կարեւոր օրգաններու ներկայացուցիչները` «Ճումհուրիյէթ», «Հիւրրիյէթ», «Ռատիքալ», «Ռոյթըրզ» եւ «Պի.Պի.Սի.», ինչպէս նաեւ քաղաքական զանազան հոսանքներու պատկանող մտաւորականներ, Թուրքիոյ մէջ Իրլանտայի եւ Հոլանտայի հիւպատոսները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան:
Յայտնենք, որ դատի յանձնախումբը նման ասուլիսներ կազմակերպած էր Ուաշինկթընի, Ժընեւի եւ Լիբանանի մէջ, իսկ միջազգային մամուլը զանազան առիթներով` յատկապէս Արամ Ա. Կաթողիկոսի ունեցած հարցազրոյցներուն ճամբով, արձագանգած էր դատի զարգացումներուն:
Առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ մէջ, դատին մասին տեղի կ՛ունենար նման մամլոյ ասուլիս, որուն նպատակն էր թրքական մամուլին ճամբով լայն տեղեկութիւններ փոխանցել Թուրքիոյ ժողովուրդին: Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խօսք առած են դատի յանձնախումբի անդամ թուրք փաստաբան Ճեմ Սոֆուօղլու, Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ Թաներ Աքչամ եւ Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան: Կաթողիկոսութեան բացած դատը լայն հետաքրքրութիւն արթնցուցած է ներկաներուն մօտ, որոնք զանազան հարցումներու միջոցով յաւելեալ լուսաբանութիւններ խնդրած են: Ներկաներէն ոմանք շեշտած են յիշեալ դատին կարեւորութիւնը, 100 տարիներ ետք զայն նկատելով եզակի նախաձեռնութիւն մը՝ յոյս յայտնելով, որ թուրք պետութեան համար ասիկա առիթ մը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին նկատմամբ արդարութեան վերականգնումին: Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն շուրջ 50 թրքական լրատուամիջոցներ՝ օրաթերթեր, կայքեր, ընկերային լրատուամիջոցներ, պլոկներ, լայնօրէն անդրադարձան դատին: