­Պել­ճի­քա­յի Մար­դա­սի­րա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կեդ­րոն (CDH-Մ.Ժ.Կ.) կու­սակ­ցու­թիւ­նը վերջ­նա­կան ո­րո­շում կա­յա­ցու­ցած է իր շար­քե­րէն հե­ռաց­նե­լու թուրք Մա­հի­նուր Օզ­տե­մի­րը, որ հրա­ժա­րած էր ճանչ­նա­լէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Ըստ «Ար­մենփ­րես»ի՝ այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ lecdh.be:

Թուրք ան­դա­մին Մ.Ժ.Կ. կու­սակ­ցու­թե­նէն վերջ­նա­կա­նա­պէս հե­ռաց­նե­լու ո­րո­շու­մը ըն­դու­նո­ւած է Մ.Ժ.Կ. Է­թի­կա­յի (բա­րո­յա­կար­գի) Յանձ­նա­ժո­ղո­վի ո­րոշ­ման հա­մա­ձայն: Մ.Ժ.Կ. կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նորդ Պե­նո­ւա Լութ­գեն ող­ջու­նած է կու­սակ­ցու­թե­նէն Մա­հի­նուր Օզ­տե­մի­րը հե­ռաց­նե­լու ո­րո­շու­մը՝ նշե­լով.- «­Քա­ղա­քա­կան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ յստա­կու­թիւն եւ լիա­կա­տար հա­ւա­տար­մու­թիւն մեր որ­դեգ­րած ար­ժէք­նե­րուն»:

Մա­հի­նուր Օզ­տե­միր, որ Պել­ճի­քա­յի խորհր­դա­րան գլխա­շո­րով մուտք գոր­ծած ա­ռա­ջին ե­րես­փո­խա­նը ե­ղած էր, 2015ի գար­նան պոյ­քո­թած էր խորհր­դա­րա­նին մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին հա­մար մէկ վայր­կեան լռու­թեան պա­հը` յայտ­նե­լով, թէ «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ըն­դու­նած բա­նա­ձե­ւը պար­տա­դիր չէ»: Հե­տա­գա­յին ան հրա­ժա­րած էր նաեւ ստո­րագ­րե­լէ իր կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Լութ­գե­նի կող­մէ ա­ռա­ջար­կո­ւած հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը, որ 1915 թո­ւա­կա­նի դէպ­քե­րը կը ճանչ­նար որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, ո­րուն հա­մար ան օ­րին հե­ռա­ցո­ւած էր կու­սակ­ցու­թեան շար­քե­րէն:

Ա­ւե­լի ուշ, Օզ­տե­միր բո­ղո­քար­կած էր իր կու­սակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մը: Ան պա­հան­ջած էր, որ Մար­դա­սի­րա­կան Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կեդ­րոն կու­սակ­ցու­թիւ­նը չե­ղեալ հա­մա­րէ ի­րեն հե­ռաց­նե­լու մա­սին ո­րո­շու­մը՝ մեկ­նա­բա­նե­լով զայն իբր ա­նօ­րի­նա­կան քայլ եւ խտրա­կա­նու­թիւն: