altՀա­մազ­գա­յին Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին Միու­թեան Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւ­նը եւ Թարգ­ման­չաց Վար­ժա­րա­նի Ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը ու­րա­խու­թեամբ կը ծա­նու­ցա­նեն, թէ Փա­րի­զի ա­րո­ւար­ձան Ի­սի-լէ-­Մու­լի­նո­յի Թարգ­ման­չաց Վար­ժա­րա­նը, վե­րա­նո­ւա­նո­ւե­լով Հա­մազ­գա­յին-­Թարգ­ման­չաց Վար­ժա­

րան, կը միա­նայ Հա­մազ­գա­յի­նի կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ծրա­գի­րին:

Ի­սի-լէ-­Մու­լի­նօ հաս­տա­տո­ւող ա­ռա­ջին հա­յե­րը ե­ղած են 1915ի Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող­ներ: Ա­ւե­լի ուշ, 1970-2000 թո­ւա­կան­նե­րուն ա­նոնց միա­ցած են Լի­բա­նա­նէն, Ի­րա­նէն եւ Հա­յաս­տա­նէն ներ­գաղ­թող­ներ` հա­մայն­քին թի­ւը հասց­նե­լով 5 հա­զա­րի: Խմ­բո­ւե­լով 1975ին հաս­տա­տո­ւած Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ, այս հա­մայնքն է, որ 1996ին հի­մը կը դնէր Թարգ­ման­չաց Վար­ժա­րա­նին, ար­դիւնք` պա­րոն Զա­տիկ Աս­լա­նեա­նի ան­խոնջ ճի­գե­րուն եւ տեղ­ւոյն քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ա­ջակ­ցու­թեան: Թարգ­ման­չաց Վար­ժա­րա­նը ֆրան­սա­կան պե­տու­թեան հետ իր հա­մա­ձայ­նա­գի­րը կը կնքէ 2005ին:

3 հա­զար քառ. մեթր տա­րա­ծու­թեան վրայ կա­ռու­ցո­ւած Թարգ­ման­չաց Վար­ժա­րա­նի ե­ռա­յարկ շէն­քը ու­նի 15 դա­սա­րան­ներ, հան­դի­սաս­րահ եւ ներ­քին ու ար­տա­քին բա­կեր: Վար­ժա­րա­նը կը լրաց­նէ պե­տու­թեան կող­մէ սահ­մա­նո­ւած ա­պա­հո­վա­կան բո­լոր կա­նոն­նե­րը եւ կրնայ ըն­դու­նիլ 400 ա­շա­կերտ: Ներ­կա­յիս վար­ժա­րա­նը ու­նի շուրջ 80 ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնք կը յա­ճա­խեն ման­կա­պար­տէ­զի եւ նա­խակր­թա­րա­նի կար­գե­րը: Կը ծրագ­րո­ւի մօ­տիկ ա­պա­գա­յին մեկ­նար­կել վար­ժա­րա­նի միջ­նա­կարգ եւ երկ­րոր­դա­կան բա­ժին­նե­րը:

Հա­մազ­գա­յին-­Թարգ­ման­չաց Վար­ժա­րա­նի ու­սում­նա­կան ծրա­գի­րը կը կազ­մեն պե­տու­թեան կող­մէ ճշդո­ւած ֆրան­սե­րէ­նի եւ անգ­լե­րէ­նի ծրա­գիր­նե­րը, ո­րոնք կ­՛ամ­բող­ջա­նան հա­յե­րէ­նի եւ հա­յոց պատ­մու­թեան դա­սա­ւան­դու­թեամբ: Նա­խակր­թա­րա­նէն շրջա­նա­ւարտ­նե­րու յա­ջո­ղու­թեան տո­կո­սը 100 առ հա­րիւր է, իսկ ա­նոնց նի­շե­րու մի­ջի­նը` 80 առ հա­րիւր: Այս­պի­սով, Հա­մազ­գա­յին-­Թարգ­ման­չաց Վար­ժա­րա­նը ա­ռիթ կ­՛ըն­ծա­յէ Ի­սի-լէ-­Մու­լի­նո­յի եւ շրջա­կայ թա­ղա­մա­սե­րու հայ հա­մայն­քի մա­նուկ­նե­րուն, որ ա­նոնց կրթու­թիւ­նը հարս­տա­նայ ֆրան­սա­կան եւ հայ­կա­կան երկ­ճիւղ մշա­կոյթ­նե­րով, ո­րոնք կը կազ­մա­ւո­րեն ա­պա­գայ քա­ղա­քա­ցին:

Հա­մազ­գա­յի­նի գո­յու­թիւն ու­նե­ցող կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ծրա­գի­րին կը միա­նայ Հա­մազ­գա­յին-­Թարգ­ման­չաց Վար­ժա­րա­նը, որ զօ­րա­ցած հայ հա­մայն­քի սրտին մէջ իր քսան տա­րի­նե­րու գո­յու­թեամբ` պի­տի վա­յե­լէ Հա­մազ­գա­յի­նի տաս­նա­մեակ­նե­րու կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեան ար­գա­սի­քը` ըլ­լա՛յ այդ ու­սու­ցիչ­ներ պատ­րաս­տե­լու, եր­կա­րա­շունչ կրթա­կան ծրա­գիր­ներ մշա­կե­լու եւ Պէյ­րու­թի, Մար­սէյ­լի ու Սիտ­նիի Ճե­մա­րան­նե­րու փոր­ձա­ռու­թեան ճամ­բով, ըլ­լա՛յ Հա­մազ­գա­յի­նի հա­մաս­փիւռ­քեան եւ հայ­րե­նա­կան կազ­մա­կեր­պա­կան ցան­ցով կամ մշա­կու­թա­յին մի­ջազ­գա­յին ծրա­գիր­ներ հո­վա­նա­ւո­րե­լով:

Հա­մազ­գա­յի­նի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան եւ Թարգ­ման­չաց Վար­ժա­րա­նի մի­ջեւ Շա­բաթ՝ 5 Դեկ­տեմ­բեր 2015ին կնքո­ւած գոր­ծակ­ցու­թեան պայ­մա­նա­գի­րը զայն ստո­րագ­րող կող­մե­րուն կու տայ Հա­մազ­գա­յին-­Թարգ­ման­չաց Վար­ժա­րա­նի բար­գա­ւաճ­ման եւ յա­րա­տե­ւու­թեան ա­պա­հո­վու­թեան ե­րաշ­խի­քը:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

11 Դեկ­տեմ­բեր 2015

Պէյ­րո­ւթ