altՌու­սիոյ նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր Փու­թին հրա­մա­յած Է ռուս զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րուն Սու­րիոյ մէջ գոր­ծել ա­ռա­ւե­լա­գոյն խստու­թեամբ` ոչըն­չաց­նե­լով ռու­սա­կան զինուած ու­ժե­րուն սպառ­նա­ցող ո­րե­ւէ թի­րախ: «­Կը հրա­մա­յեմ գոր­ծել ա­ռա­ւե­լա­գոյն խստու­թեամբ: Ռու­սա­կան խմբա­ւոր­ման կամ ցա­մա­քա­յին են­թա­կա­ռու­

ցո­ւած­քին սպառ­նա­ցող ո­րե­ւէ թի­րախ են­թա­կայ է ան­յա­պաղ ոչըն­չաց­ման»,- ըսած է   Փու­թին, պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մի ընդ­լայ­նո­ւած նիս­տի ըն­թաց­քին: Ռու­սիոյ նա­խա­գա­հը նշած է, որ Սու­րիոյ մէջ գոր­ծող ա­հա­բե­կիչ­նե­րը ուղ­ղա­կի սպառ­նա­լիք են Ռու­սիոյ հա­մար, եւ Մոս­կո­ւա­յի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը թե­լադ­րո­ւած են ոչ թէ վե­րա­ցա­կան շա­հե­րով, այլ եր­կի­րը պաշտ­պա­նե­լու մտադ­րու­թեամբ: Նա­խա­գա­հը պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան յանձ­նա­րա­րած է Սու­րիոյ մէջ հա­կա-ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը հա­մա­ձայ­նեց­նել Իս­րա­յէ­լի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան եւ Ա.Մ.Ն.ի գլխա­ւո­րած մի­ջազ­գա­յին դա­շին­քի ու­ժե­րուն հետ: «­Կա­րե­ւոր է զար­գաց­նել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը բո­լոր այն պե­տու­թիւն­նե­րուն հետ, ո­րոնք ի­րա­պէս շա­հագրգռուած են ա­հա­բե­կիչ­նե­րու վե­րաց­մամբ: Ն­կա­տի ու­նիմ նաեւ թռիչք­նե­րու անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման շուրջ շփում­նե­րը Իս­րա­յէ­լի ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րու հրա­մանա­տա­րու­թեան եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գլխա­ւո­րած դա­շին­քի ու­ժե­րուն հետ»,- յայ­տարա­րած է Փու­թին: