Հանոյի Արքեպիսկոպոս Զոզէֆ Նգօ Քուանգ Քիեթը ներկաներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ ըսած է, որ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան Զոհերու Յիշատակի, Արժանապատուութեան եւ այդ Յանցագործութեան Կանխարգիլման Միջազգային Օրին՝ Վիեթնամի կաթոլիկ եկեղեցին հայ ժողովուրդի կողքին է: Պատարագի աւարտին դեսպան Ռայիսա Վարդանեան Հանոյի Արքեպիսկոպոսին հետ առանձնազրոյցի ընթացքին ընդգծած է, որ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը լաւ կը գիտակցի խաղաղութեան արժէքը, սակայն դեռ կան երկիրներ, որոնք ոչ միայն չեն հասկնար խաղաղութեան խորհուրդը, այլ նաեւ կը շարունակեն սերմանել անհանդուրժողականութիւն եւ կը վարեն ժխտողական քաղաքականութիւն: Ըստ դեսպան Վարդանեանի` հայ եւ վիեթնամացի ժողովուրդները իրենց համատեղ ջանքերը պէտք է գործադրեն անարդարութեան դէմ պայքարին համար: Հայ ժողովուրդը իր օրինակով ցոյց տուած է ամբողջ աշխարհին, որ նոյնիսկ հարիւր տարի անց կարելի է պայքարիլ եւ հասնիլ արդարութեան` ի հեճուկս բոլոր խոչընդոտներուն:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած Պատարագ Հանոյի մէջ
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Հանոյի Սուրբ Ժոզէֆի կաթոլիկ տաճարին մէջ, Վիեթնամի մօտ Հ.Հ. դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, մատուցուած է Ս. Պատարագ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին: Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան հաղորդմամբ, Պատարագին մասնակցած են Վիեթնամի մէջ Հ.Հ. դեսպան Ռայիսա Վարդանեան, Հայ-վիեթնամական Բարեկամական Խումբի անդամներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, վիեթնամցի եւ օտարերկրեայ այցելուներ, լրագրողներ: