Մոնթեկրափփա-Իտալիա ընկերութիւնը եւ «Էրեբունի Հայկական Գրիչ»ի նախաձեռնող խումբը հպարտութեամբ կը ծանուցանեն, որ «Մոնթեկրափփա-Էրեբունի Գրիչ»ի հաւաքածոն ստացած է Middle East Jewellery -Year 2015 մրցանակը, «Լաւագոյն Արուեստի եւ Ձեռարուեստի Գործ» դասակարգումին մէջ: Գ րիչը լաւագոյնը ճանչցուեցաւ զանազան դասակարգումներու մէջ՝ մեծաթիւ ընկերութիւններու կողմէ ներկայացուած 382 մրցութային գործերուն մէջէն:
Մրցանակը շնորհուեցաւ 23 Նոյեմբեր 2015ին, Four Seasons Bahrain Bay հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին, հովանաւորութեամբ Պահրէյնի թագաւորութեան Ճարտարարուեստի, առեւտուրի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Զայէտ պըն Ռաշիտ Ալզայանի իշխանին: Հադիսութեան եւ այդ առիթով կայացած ընթրիքին ներկայ եղան ոսկերչական եւ գրչարտադրական հաստատութիւններու աւելի քան 300 առաջնակարգ եւ շրջանային ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հանրածանօթ հիւրեր: «Էրեբունի Գրիչ»ը նախաձեռնութիւնն է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հաստատուած երկու ակնառու հայ գործարարներու՝ Գրիգոր Ճապուրեան եւ Տիգրան Չապլաքեան: «Էրեբունի Գրիչ»ի ձեւաւորումը գործն է լիբանանահայ արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետ Սագայեանի, իսկ արտադրութիւնը՝ Մոնթեկրափփա հաստատութեան, որ գրիչներու արտադրութեան Իտալիոյ ամենահին հաստատութիւնն է եւ աշխարհի ամենաբարձրակարգներէն մէկը: