Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան դրուատեց այս յայտարարութիւնը։ աւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.djulfa.com կայքը։
6 Դեկտեմբերը՝ Ջուղայի խաչքարերու քանդումի Յիշատակման Օր Քոլորատոյի մէջ
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի՝ Դեկտեմբեր 6ին հրապարակուած պաշտօնական հռչակագիրով մը, Քոլորատոյի նահանգապետ Ճան Հիքընլուփըր 6 Դեկտեմբեր 2015ը հռչակեց Ջուղայի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ աւելի քան 200 խաչքարերու ցեղասպանական քանդումի տասնամեակի յիշատակման օր։ Հռչակագիրին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ այս տարուան Ապրիլ 24ին Տենվըրի մէջ գտնուող Քոլորատոյի խորհրդարանի շէնքին առջեւ զետեղուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած յուշարձանը Ջուղայի մէջ քանդուած խաչքարերէն մէկուն օրինակով պատրաստուած էր, միաժամանակ՝ կոչ կ՛ուղղուի նահանգի բոլոր քաղաքացիներուն, որ խաչքարը այցելելով՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանեն։