Ծա­նօթ թուրք մտա­ւո­րա­կան եւ գիր­քե­րու, նե­րա­ռեալ՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած հա­տոր­նե­րու հրա­տա­րա­կիչ Ռա­կըպ Զա­րա­քօ­լու, ո­րուն դէմ Թուր­քիոյ մէջ յա­ճախ բա­ցո­ւած են դա­տեր, ո­րոնց պատ­ճա­ռով ան բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տո­ւած է, ար­ժա­նա­ցաւ Դա­նիոյ Խա­ղա­ղու­թեան Մր­ցա­նա­կին՝ տա­րի­նե­րէ ի վեր մտա­ծու­մի, ար­տա­յայ­տո­ւե­լու ա­զա­տու­թեան եւ մարդ­

կա­յին ի­րա­ւանց մար­զէն ներս ցոյց տո­ւած իր ար­տա­կարգ ջան­քե­րուն հա­մար։ Զա­րա­քօ­լու մրցա­նա­կը պի­տի ստա­նայ Հինգ­շաբ­թի՝ Դեկ­տեմ­բեր 10ին, Քո­փեն­հա­կը­նի մէջ։ Դա­նիոյ Խա­ղա­ղու­թեան Մր­ցա­նա­կը, Մ.Ա.Կ.ի Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Տիե­զե­րա­կան Յայ­տա­րա­րա­գի­րին հի­ման վրայ՝ կը տրո­ւի այն­պի­սի ան­ձե­րու, ո­րոնք ա­ռանց բռնա­րարք­նե­րու դի­մե­լու, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հա­մար պայ­քար կը մղեն։