Շա­բաթ՝ 5 Դեկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, 88 նո­րա­գիր­ներ տո­ւին ի­րենց դաշ­նակ­ցա­կա­նի եր­դու­մը եւ միա­ցան Հ.Յ.Դ. Լի­բա­նա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեան շար­քե­րուն` Հ.Յ.Դ. Զ.Ո.Մ.էն, Լ.Ե.Մ.էն եւ շրջան­նե­րէն: Բա­րի գա­լուս­տի խօսք ար­տա­սա­նե­լէն ետք, Վի­գէն Ա­ւա­գեան ներ­կա­յա­ցուց նո­րա­գիր­նե­րը, ա­պա հրա­ւի­րեց երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան: Օ­րո­ւան կնքա­հայրն

էր Ցո­լակ Թիւ­թէ­լեան: Ան ը­սաւ, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ մե­ծա­գոյն ձեռք­բե­րում­նե­րը ար­դիւնքն են հա­ւա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թեան եւ հա­ւա­քա­կան ո­րո­շում­նե­րու, ո­րոնք դա­րե­րու ըն­թաց­քին ոչ միայն կեր­տած են հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը, այլ նաեւ ա­պա­հո­ված ա­նոր յա­րա­տեւ գո­յու­թիւ­նը: Նո­րա­գիր­նե­րը «­Սար­գիս Զէյթ­լեան սե­րունդ» կո­չո­ւե­ցան` ի յի­շա­տակ գա­ղա­փա­րի մար­տիկ եւ ան­զու­գա­կան ղե­կա­վար գոր­ծիչ Սար­գիս Զէյթ­լեա­նի: