«­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ այս տա­րո­ւան ըն­թաց­քին 648.920 տո­լա­րի օ­ժան­դա­կու­թիւն տրա­մադ­րած է ­Լի­բա­նա­նի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու, լի­բա­նա­նա­հայ ու­սա­նող­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ՝ կրթա­կան այլ նա­խա­ձեռ­նու­թեանց։

Ն­շեալ գու­մա­րէն 454.817 տո­լա­րը տրա­մադ­րո­ւած է նա­խակր­թա­կան, երկ­րոր­դա­կան եւ յա­տուկ կա­րիք­ներ ու­նե­ցող ա­շա­կերտ­նե­րու վար­ժա­րան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ՝ որ­բա­նոց­նե­րու։

­Նաեւ՝ 93.027 տո­լա­րի կրթան­պաստ­ներ յատ­կա­ցո­ւած են լի­բա­նա­նա­հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սա­նող­նե­րու, իսկ 101.076 տո­լար՝ հրա­տա­րա­կու­թեանց, հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման ծրա­գիր­նե­րու եւ կրթա­կան այլ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու։

Ա­սոնց կող­քին, «­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կը 185.000 տո­լար նո­ւի­րած է ­Սու­րիոյ տա­րած­քին գոր­ծող 28 հայ­կա­կան նա­խակր­թա­կան եւ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րու։