Ռու­սաս­տա­նի Պե­տա­կան Դու­մա­յին մէջ հնչած են Պոլ­սոյ Սուրբ Սո­ֆիա տա­ճա­րը քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ կար­գա­վի­ճա­կին վե­րա­դարձ­նե­լու կո­չեր: Թուր­քիոյ ուղ­ղո­ւած նման կոչ ը­նող­նե­րէն է Ռու­սաս­տա­նի Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան Սեր­գէյ Կաւ­րի­լով: «­Մենք թրքա­կան կող­մէ կ­՚ակն­կա­լենք բա­րե­կա­մա­կան

քայլ՝ Պոլ­սոյ Սուրբ Սո­ֆիա տա­ճա­րին վե­րա­դար­ձը քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ կար­գա­վի­ճա­կին։ Ռու­սա­կան կող­մը պատ­րաստ է նիւ­թա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լու, ինչ­պէս նաեւ քրիս­տո­նէա­կան յու­շար­ձա­նին վե­րա­կանգ­նու­մի գոր­ծին տրա­մադ­րե­լու ռուս լա­ւա­գոյն մաս­նա­գէտ­նե­րը եւ գիտ­նա­կան­նե­րը։ Այդ քայ­լը Թուր­քիոյ եւ Իս­լամ կրօ­նին պի­տի օգ­նէր ցոյց տա­լու հա­մար, որ բա­րի կամ­քը վեր է քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն»,- յայ­տա­րա­րած է Կաւ­րի­լով: