Իտալիոյ «Հիւսիսային Լիկա» (Lega Nord) կուսակցութեան առաջնորդ Մաթէօ Սալվինի «Եւրոմիութիւն(Ե.Մ.)-Թուրքիա» գագաթաժողովէն ետք Twitterի իր էջին մէջ հետեւեալ գրառումը ըրած է.- «Եւրոպան Թուրքիոյ 3 միլիառ կը նուիրէ փախստականներու ճգնաժամի կապակցութեամբ: Իսկ որոշները կ՛ուզեն, որ նոյն այդ Թուրքիան մտնէ Ե.Մ.: Եթէ անոնք կը մտնեն, ապա ԵԿԷՔ ՄԵՆՔ ԴՈՒՐՍ ԳԱՆՔ»,- կը հաղորդէ ermenihaber.am:
Յայտնի է, որ Սալվինին նախապէս բազմիցս դէմ արտայայտուած է Թուրքիոյ Ե.Մ.ին անդամակցութեան: Իտալացի քաղաքական գործիչին նշեալ գրառումը մեծ արձագանգ ունեցած է ու բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու առիթ տուած:
Ահա՛ որոշ օգտատէրերու մեկնաբանութիւնները Սալվինիի գրառման.
«Եթէ Թուրքիա մուտք գործէ Ե.Մ., ես հաստատ կ՛երթամ: Կը տեղափոխուիմ Ռուսիա եւ կը զբաղիմ՝ ողորմութիւն խնդրելով»:
«Ո՛չ Թուրքիային, ո՛չ: Ո՞ր յիմար գլուխներուն մէջ այդպիսի մտքեր կը ծնին: Եթէ անոնք կը մտնեն, ապա մենք դուրս կու գանք: Ճիշդ ես, քափիթան»:
«Թուրքիան Ի.Պ.ի (Իսլամական Պետութիւն - İŞİD) հետ առեւտուրի մէջ է, քիւրտերը կը ռմբակոծէ, ռուսերը կը հարուածէ: Միթէ՞ ուրիշ պատճառներ ալ պէտք են Ե.Մ.էն դուրս գալու համար»:
«Այո՛», զանոնք գլխաւոր մուտքէն ընդունինք, իսկ մենք վթարային ելքով դուրս գանք: Շուտ դուրս գալն աւելի լաւ է»: